Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Ներքին Անվտանգութեան Ուժերու Յոբելեանը Նշուեցաւ Թրիփոլիի Յարձակման Զոհերուն Յարգանքի Տուրք Մատուցելով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ներքին անվտանգութեան ուժերը, Կիրակի օր, նշեցին իրենց 158-ամեակը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով անցեալ շաբաթ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան մը զոհ գացած իրենց երկու անդամներուն։

Գործակալութեան յոբելեանը նշուեցաւ Աշրաֆիէի իրենց կեդրոնին մէջ՝ մասնակցութեամբ Ներքին անվտանգութեան ուժերու ղեկավար Իմատ Օթմանի եւ Ներքին գործոց նախարար Ռայա Էլ-Հասանի:

Յոբելեան տեղի կ՝ունենար Թրիփոլիի միջադէպէն գրեթէ մէկ շաբաթ անց։ Նշենք, որ Թրիփոլիի ահաբեկչական գործողութեան զոհ դարձած էին Ներքին անվտանգութեան ուժերու երկու անդամ՝ Ճոնի Խալիլ եւ Եուսէֆ Ֆարաճ, ինչպէս նաեւ երկու զինծառայող։

«Մենք կը շնորհաւորենք Ձեզ յոբելեանին առիթով, թէեւ այս տարուանը ցաւալի էր»,- ըսաւ Հասան մասնակիցներուն:

Օթման, իր ելոյթին ընթացքին, բարձր գնահատեց ներքին անվտանգութեան ուժերու անդամները, որոնք հետեւողական են իրենց աշխատանքին մէջ: Անդրադառնալով Թրիփոլիի ողբերգական յարձակման` ան ըսաւ,- «Ձեր գործընկերներուն արիւնը նոր զոհաբերութիւն է երկրի համար: Ասիկա մեր ճակատագիրն է եւ մեր պարտքն է պահպանել մեր հողը, որպէսզի ապահովենք անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը»:

Ներքին անվտանգութեան ուժերը շնորհաւորեց նաեւ Վարչապետ Սաատ Հարիրի՝ գրառում կատարելով Twitter-ի իր էջին վրայ։ «Ողջոյն Ներքին անվտանգութեան ուժերուն, որ կարեւոր կառոյց է, որուն առաջնահերթութիւնը քաղաքացիներուն անվտանգութիւնն է եւ ապահովութիւնը»,- գրած էր Հարիրի եւ ընդգծած,- «Անիկա գործակալութիւն մըն է, որ զոհեր ու նահատակներ կը մատուցանէ Լիբանանի եւ լիբանանցիի համար»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին