«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Յունիս 9-ին մասնակցած է Դիլիջանի մէջ իրականացուող «Մտքերու հայկական գագաթնաժողով»-ի եզրափակիչ քննարկման։ Զայն վարած է «Մտքերու գագաթնաժողովի» կազմակերպիչ, «The Monthly Barometer»-ի հիմնադիր Թիերի Մալըրէն, մասնակցած են Google ընկերութեան գնումներու գծով արտադրութեան տնօրէն Թէտ Սոուտըր, իտալական հանրայայտ «Լէոնատրօ» ընկերութեան ռազմավարութեան եւ գիտարուեստի հարցերով տնօրէն Ճիորճիօ Մոսքան, Մեծ Բրիտանիոյ Քէնթի համալսարանի փրոֆեսըր Ելենա Քորոսդելեւան, «Սինոփսիս Արմէնիա»-ի նախագահ Երուանդ Զօրեանը, Կեդրոնական դրամատան Դիլիջանի ուսումնահետազօտական կեդրոնի ղեկավար Արմէն Նուրբեկեանը։
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, ՀՀ նախագահը նախ շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր մասնակիցներուն եւ գագաթնաժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուածներուն, ան մասնաւորապէս նշած է․ «Ես շատ բան սորվեցայ գագաթնաժողովէն, սակայն հիմնական երեք հարցերը կը շարունակեն մնալ. ի՞նչ տեղի կ’ունենայ, ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս ընել։ Միակ բանը, որ հաստատապէս համոզուած եմ, հետեւեալն է. մենք կարիք ունինք տապանի, որ, հաւանաբար, նոյն «Մտքերու գագաթնաժողով»-ն է, որ պիտի փրկէ աշխարհը, քանի որ աշխարհը դարձած է շատ աւելի բարդ։ Այդ բարդութիւնը աւելի է, քան որեւէ արհեսատական բանականութիւն կրնայ լուծել։ Մենք մարդկային մտքերու գագաթնաժողովի, ինչպէս նաեւ ձեզի պէս մարդոց՝ կարիք ունինք՝ լուծումներ գտնելու համար։ Ես չեմ խօսիր վերահսկելու մասին։ Աշխարհի մէջ, որ աւելի ամբողջական կը դառնայ, անհնար է ունենալ դասական վերահսկման համակարգ։ Անհրաժեշտ է սորվիլ ապրիլ նոր ամբողջական աշխարհի մէջ, որ շատ բարդ է, մարտահրաւէրներով լի, բայց չափազանց հետաքրքրական»։






