Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Տիանա Իշխանուհիի Արմատները Հայկական Են. Sunday Times-Ի Արձագանգը

Sunday Times թերթին մէջ հրապարակուած «Հայաստան՝ ուր սկսած է կեանքը» յօդուածին մէջ արքայադուստր Տիանայի արմատները հայկական կը համարուին: Յօդուածին մէջ հարց կը բարձրացուի, թէ ինչ ընդհանրութիւն կայ Քարտաշեանի, Քասպարովի, Ազնաւուրի, Այվազովսկիի, Յասմիկ Պապեանի եւ արքայադուստր Տիանայի միջեւ:

«Այո՝ առաջին հայեցաքով տարօրինակ թուացող հարցը, կը պարզուի, հիմք ունի. Այս բոլոր մարդոց կը միաւորէ հայկական արմատներ ունենալը: Իսկ այդ կը նշանակէ, որ անոնք բոլորն ալ հայեր են: Կարծիք կայ, որ հայկական ազգային կապերը բաւականին ամուր են եւ հրաշքներ կը գործեն: Հայերը միակ օրինակն են թերեւս, երբ սփիւռքի թուաքանակը նկատելիօրէն կը գերազանցէ բուն երկրի բնակիչներու քանակը: Հայաստանի մէջ կ’ապրի երեք միլիոն մարդ, մինչդեռ սփիւռքի մէջ կ’ապրի շուրջ մօտ եօթ միլիոն հայ»,- ըսուած է յօդուածին մէջ:- «Արքայադուստր Տիանայի հայկական արմատներու մասին նախապէս ալ խօսուած է: Բանն այն է, որ մայրական գիծով անոր նախատատը՝ Էլիզա Գէորգեանը, Հնդկաստանի հայ էր»:

Տիանայի ողբերգական մահը, ինչպէս նաեւ անոր կեանքը կը խորհրդանշէ կնոջ մը, որ ամբողջ կեանքին մէջ յուսահատօրէն երջանկութիւն փնտռած է: Մերժուած ըլլալով արքայական ընտանիքի կողմէն՝ ան նուաճած էր ժողովուրդին սէրը՝ դառնալով «սրտերու թագուհի»: Անոր հանդէպ եղած ժողովրդական բուռն սէրը անոր մասին դեռ երկար քննարկումներու առիթ կու տայ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին