Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Հայ Քանդակագործին Նուէրը Հռոմի Պապին

Ֆրանչիսկոս Պապին երախատագիտական նուէր՝ քանդակ  յանձնուած է  Հայաստան այցելութեան երրորդ տարեդարձին առթիւ։ Այս մասին կը յայտնէ vaticannews.va-ը:

«Լռութեան Րոպէ» քանդակը  Հայաստանի հռչակաւոր քանդակագործ Ֆերտինանտ Առաքելեանի գործն է։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2016-ին Հայաստան կատարած առաքելական այցելութեան առթիւ, Հայաստանի հռչակաւոր քանդակագործ հանգուցեալ Ֆերտինանտ Առաքելեան փափաքած էր Քահանայապետին նուիրել իր քանդակներէն մին, որ սակայն արուեստագէտի վաղահաս մահուան բերումով Վատիկան փոխադրուեցաւ միայն վերջերս եւ հինգշաբթի 30 մայիս, 2019-ի առաւօտեան, քանդակագործ Առաքելեանի ընտանիքի անդամները առիթը ունեցան զայն յանձնել Վատիկանի  իշխանութիւններուն։

 «Լռութեան Րոպէ» քանդակը կը ներկայացնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որուն շուրջ համախմբուած են տարբեր քրիստոնեայ եկեղեցիներու ղեկավարներ, որոնք միասին կը քալեն  իրականացնելու Քրիստոսի պատգամը՝ որպէսզի ամէնքը մէկ  ըլլան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին