Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Արժանթինն ու Պրազիլը Կրնան Միասնական Արժոյթ Ստեղծել. Globo

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Արժանթինն ու Պրազինը կը դիտարկեն միասնական արժոյթի ստեղծման հնարաւորութիւնը: Այդ մասին, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով Globo պրազիլական թերթը: Հրատարակութեան տեղեկատւութեան համաձայն՝ համապատասխան ծրագրերը Արժանթինի գործարար շրջաններու հետ Պուէնոս Այրես այցի ընթացքին կայացած հանդիպման ընթացքին ազդարարած են Պրազիլի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարուն եւ երկրի տնտեսութեան նախարար Փաուլու Կետես:

Ինչպէս յայտնած Է թերթը՝ վկայակոչելով ձեռնարկատիրական շրջաններու աղբիւրներ, նման տնտեսական նախագիծ կ‘առաջարկուէր նաեւ աւելի վաղ: Անոնց կարծիքով՝ անիկա երկու պետութիւններու քաղաքական դիրքերու մերձեցման բնական շարունակութիւնն Է, ուր աւելի վաղ միաժամանակ իշխանութեան գլուխ էին ձախ քաղաքական ուժերը, որոնց ներկայիս Արժանթինի եւ Պրազիլիի մէջ փոխարինած են աջերը:

Ապագայ արժոյթի աշխատանքային անուանումը՝ բեսօ ռէալ, կազմուած Է հարաւամերիկեան հանրապետութիւններու ներկայ դրամական միաւորներու անուանումներէն (բեսոն Արժանթինի արժոյթն Է, ռէալը՝ Պրազիլի):

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին