Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Հասան Մանրամասնութիւններ Կը Փոխանցէ Թրիփոլիի Ահաբեկչութեան Մասին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ներքին գործոց նախարար Ռայա Էլ-Հասան, Ուրբաթ օր, անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ կայացած հանդիպումի մը ընթացքին, մանրամասնութիւններ փոխանցեց շաբթուան սկիզբը Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան մասին, որ խլած էր անվտանգութեան չորս աշխատակիցի կեանք։

Ըստ Հասանի՝ ահաբեկիչ Ապտել Ռահման Մապսութը տունէն ելած պահուն իր հետ ունեցած է վեց   պայթուցիկ եւ մէկ գնդացիր:

Նետուած առաջին նռնակի հետեւանքով վիրաւորուած են քաղաքացիներ, ապա Մապսութ կրակ բացած է Ներքին ապահովական ուժերու երկու անդամի վրայ՝ ծանրօրէն վիրաւորելով զիրենք։ Այնուհետեւ, ան սպաննած է երկու զինուորական։

Փախչելով մօտակայ բնակելի շէնք մը՝ Մապսութ նռնակ նետած է կրակող մօտակայ ռազմական ուժերուն վրայ, սպաննելով անոնցմէ մէկը: Երբ Մապսութ կը փորձէր նետել իր ձեռքը եղած նռնակը, ան սպաննուած է ապահովական ուժերուն կողմէ։

Յիշեցնենք, որ Մապսութ ծնած է 1992-ին, 2016-ին Լիբանանէն մեկնած է Թուրքիա, ապա Սուրիոյ Իտլիպ քաղաք, ուր կռուած է ՏԱԷՇ-ի կողքին։

Թուրքիա վերադառնալէն ետք ան ձերբակալուած է եւ արտաքսուած Լիբանան, ուր դատապարտուած է մէկ ու կէս տարի բանտարկութեան՝ Ռումիի բանտին մէջ: Մապսութ ազատ արձակուած է 2017-ին:

«Ահաբեկչական յարձակումէն առաջ եւ ետք Թրիփոլին ապացուցած է, որ կը դատապարտէ ամէն տեսակ ծայրայեղութիւն եւ ցոյց կու տայ, որ ինքը ծայրայեղականութեան կեդրոն չէ»,- ըսաւ Հասան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին