Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Ելեւմուտքի եւ Պետական Պիւտճէի Խորհրդարանական Յանձնախումբը Յաջորդ Շաբաթ 9 Նիստ Պիտի Գումարէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբը, յաջորդ շաբաթ, ինը նիստով, պիտի քննարկէ 2019 թուականի պիւտճէի նախագիծը։ Այս մասին, ըստ The Daily Star-ի, Ուրբաթ օր հաղորդեց Ազգային լրատուական գործակալութիւնը։

Առաջին նիստը, որ կը նախատեսուի գումարել Երկուշաբթի ժամը 10-ին, օրակարգի վրայ ունի երկու թեմա. Պիւտճէի վերաբերեալ հարց-պատասխան ու Ելեւմտական նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ անոր կապը եւ պիւտճէի յօդուածներուն ուսումնասիրութիւնը:

Յանձնաժողովը, այնուհետեւ մինչեւ Ուրբաթ, օրական պիտի գումարէ երկու նիստ, առաջինը՝ ժամը 10-ին եւ երկրորդը՝ ժամը 5-ին:

Մինչ տեղի կ՝ունենան նշեալ հանդիպումները՝ Խորհրդարանը նպատակ ունի մինչեւ Յուլիսի կէսը աւարտին հասցնելու 2019-ի պետական ​​պիւտճէի նախագիծին քննարկումները:

Անցնող Երկուշաբթի տեղի ունեցած նիստին ընթացքին՝ օրէնսդիրները քուէարկեցին մինչեւ Յուլիսի կէսը երկարաձգելու արտակարգ միջոցառումը, որ կը կոչուի «անցումային տասներկուերորդ», անիկա կառավարութեան արտօնութիւն կու տայ շարունակելու պետական ​​միջոցներ ծախսել նախորդ տարուան պիւտճէէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին