«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արժանթինն ու Պրազինը կը դիտարկեն միասնական արժոյթի ստեղծման հնարաւորութիւնը: Այդ մասին, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով Globo պրազիլական թերթը: Հրատարակութեան տեղեկատւութեան համաձայն՝ համապատասխան ծրագրերը Արժանթինի գործարար շրջաններու հետ Պուէնոս Այրես այցի ընթացքին կայացած հանդիպման ընթացքին ազդարարած են Պրազիլի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարուն եւ երկրի տնտեսութեան նախարար Փաուլու Կետես:
Ինչպէս յայտնած Է թերթը՝ վկայակոչելով ձեռնարկատիրական շրջաններու աղբիւրներ, նման տնտեսական նախագիծ կ‘առաջարկուէր նաեւ աւելի վաղ: Անոնց կարծիքով՝ անիկա երկու պետութիւններու քաղաքական դիրքերու մերձեցման բնական շարունակութիւնն Է, ուր աւելի վաղ միաժամանակ իշխանութեան գլուխ էին ձախ քաղաքական ուժերը, որոնց ներկայիս Արժանթինի եւ Պրազիլիի մէջ փոխարինած են աջերը:
Ապագայ արժոյթի աշխատանքային անուանումը՝ բեսօ ռէալ, կազմուած Է հարաւամերիկեան հանրապետութիւններու ներկայ դրամական միաւորներու անուանումներէն (բեսոն Արժանթինի արժոյթն Է, ռէալը՝ Պրազիլի):