Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Արդարադատութեան Նախարար Արտակ Զէյնալեան Հրաժարականի Դիմում Ներկայացուցած է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Արտակ Զէյնալեան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնէն: Այս մասին ան գրած է ֆէյսպուքի իր էջին մէջ:

«Սիրելի՛ ընկերներ, իմ սիրելի՛ ժողովուրդ,
Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնէն հրաժարականի դիմում ներկայացուցած եմ:0 Մեր ժողովուրդին համար այս պատմական ժամանակահատուածին նախարարի պաշտօնը ստանձնելը գերպատասխանատու, բայց եւ իրաւապաշտպանի գործունէութիւն ծաւալելու ընթացքին ի յայտ եկած իրաւական խնդիրները քայլ առ քայլ լուծելու հնարաւորութիւն ունենալուն միտուած քայլ էր: Գոհ եմ այդ քայլէն, շնորհակալ եմ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին արդարադատութեան նախարարի պաշտօնին իմ թեկնածութիւնը առաջարկելու համար, շնորհակալ եմ Նախարարութեան աշխատակիցներուն համատեղ հետաքրքիր, արգասաբեր ու պատասխանատու աշխատանքին համար: Շնորհակալ եմ միջազգային գործընկերներուն, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն համատեղ աշխատանքի համար:

Վստահ եմ` լաւ պիտի ըլլայ, … սակայն, եթէ լաւ չըլլայ, ուրեմն` շատ լաւ:

Յարգանքով` Արտակ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին