Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Համաշխարհային ԴրամատունըՊիտի Շարունակէ Հայաստանի Բարեփոխումներուն Աջակցիլ Նաեւ Խորհրդատուական Եւ Գիտելիքի ԳործիքներուՄիջոցով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան Յունիս 5-ին ընդունած է Համաշխարհային դրամատան Հարաւային Կովկասի գծով տարածաշրջանային տնօրէնի կարգավիճակի մէջ իր առաքելութիւնը աւարտող Մերսի Թեմպոնն ու նոր տնօրէն Սեբաստիան Մոլինէուսը: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ՀԲ Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Սիլվի Պոսութղոն:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»՝ վկայակոչելով ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակը, ՀՀ փոխվարչապետը բարձր գնահատած է Մերսի Թեմպոնի ջանքերը Հայաստանի եւ ՀԴ-ի միջեւ համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ՝ յաջողութիւն մաղթելով անոր իր յետագայ առաքելութեան մէջ: Փոխվարչապետը շեշտած է, որ Համաշխարհային դրամատունը Հայաստանի ամենակարեւոր զարգացման գործընկերներէն մէկն է, որուն հետ համագործակցութիւնը կը ծաւալի այնպիսի առանցքային ոլորտային ուղղութիւններով, ինչպիսիք են տնտեսական ու սոցիալական ենթակառուցուածքները, կրթութեան, առողջապահութեան, սոցիալական եւ հարկային վարչարարութեան ոլորտներուն մէջ իրականացուող իրաւական ու հաստատութիւններէ ներս բարեփոխումները:

Իր խօսքին մէջ Մերսի Թեմպոն գոհունակութիւնյայտնած է Հայաստանի մէջ ՀԴ-ի իրականացուցած ծրագրերու յաջող արդիւնքներու առնչութեամբ: Ընդգծելով, որ ՀԴ-ն համաշխարհային նշանակութեան կառոյց է՝ ան նշած է, որ իր յետագայ գործունէութեան մէջ Հայաստանի հետ համագործակցութենէն քաղած փորձը շատ օգտակար կրնայ ըլլալ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-ՀԴ համագործակցութեան շարք մը օրակարգային հարցեր: 2019-2023թթ. Հայաստանի համագործակցութեան իրականացման ծիրէն ներս կողմերը շեշտած են, որ անիկա համատեղ աշխատելու լաւ հիմք է, որուն արդիւնքները շատ շուտով արդէն տեսանելի պիտիըլլան:

Ընդգծուած է նաեւ, որ, վարկաւորումէն զատ, Համաշխարհային դրամատունը Հայաստանի բարեփոխումներու օրակարգին կը շարունակէ աջակցիլ խորհրդատուական եւ գիտելիքի գործիքներու միջոցով: Զրուցակիցներըքննարկած են նաեւ շարք մը գործող վարկային ծրագրերու իրականացման հետ առնչուող հարցեր:    

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին