Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՌԱԿ Խստիւ Կը Դատապարտէ

Ֆիթրի Տօնին նախօրէին Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ պատահած ոճրային հրաձգութիւնը, որուն զոհ գացին Լիբանանեան զինուած ուժերու չորս անմեղ անդամներ,  ըլլայ ան զինեալի մը անձնական նախաձեռնութիւն, թէ խմբաւորման մը կազմակերպած արարք, ահաբեկչութիւն է բառին ամբողջական իմաստով, որ կը միտի Լիբանանի անդորրութիւնը խափանել եւ վրէժ լուծել այն հերոսներէն, որոնք ահաբեկիչներու դէմ պայքարեցան հեռու պահելով անոնք մեր հողերէն: 

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը մնայուն եւ շարունակական գործողութիւն է, որուն համար զգօնութիւն եւ համակարգում է պէտք խնդրոյ առարկայ ապահովական մարմինիններու միջեւ, ինչպէս նաեւ կանխամտածուած միջոցներու որդեգրում, նամանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ ի վերջոյ անձնասպանութեան դիմած ոճրագործը ահաբեկչութեան մեղադրանքով լիբանանեան բանտերու մէջ արգելափակուած ու ապա ազատ արձակուած ոճրամիտ անհատ մըն էր: Ոճրագործին զինեալ անցեալը յստակօրէն կը յուշէ նաեւ ոճրագործ Թուրքիոյ ուղղակի մասնակցութիւնը շրջանին մէջ արիւն եւ անկայունութիւն սփռելու, որուն այլեւս քաջատեղեակ պէտք է ըլլայ լիբանանցին, որ կրօնքին կամ համայնքին ալ պատկանի ան:

Խստօրէն դատապարտելով քստմնելի ոճիրը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը խորապէս կը ցաւակցի նահատակ զինուորներուն եւ ապահովական ուժերու անդամներուն ընտանիքներուն, որոնց հոգեհարազատները նահատակուեցան յանուն Լիբանանին:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

 Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին