Երեքշաբթի, 24. 06. 2025

spot_img

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Բաժանմունքի Նոր Կեդրոնի Բացում (լուսանկարներ)

«Մենք Կը Զօրակցինք Մեր Ազգի
Զաւակներու Բոլոր Կարիքներուն»
Հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, նախկին Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի երրորդ յարկին վրայ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի նոր կեդրոնի բացումը։   

          

Սրբազան հայրը կատարեց օրհնութեան աղօթքը, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի պատասխանատու ընկերային ծառայող օրդ․ Մարիա Եագուպեան։ Ան նկատել տուաւ, որ Ազգային առաջնորդարանը իր բազմատեսակ սպասարկութիւններով, կարելիութեան սահմաններէն ներս, կը ծառայէ ազգայիններուն։ Ան յայտնեց, որ ընկերային բաժանմունքը, Ազգային առաջնորդարանի ծառայողական աշխատանքներու հիմնական օղակներէն մէկն է, որուն աշխատանքներուն հսկողութիւնը կը կատարէ Ընկերային յանձնախումբը։ Այս բաժանմունքը կը հիւրընկալէ բոլոր ազգայինները, որոնք զանազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։

Մ. Եագուպեան ըսաւ, որ  ընկերային բաժանմունքը իր նիւթական կարելիութեան սահմաններէն ներս կը հոգայ հայորդիներու առողջահապական եւ ընկերային կարիքները։ Ան աւելցուց, որ այս աշխատանքները կը հովանաւորէ առաջնորդ սրբազան հայրը, որ իր հայրական գուրգուրանքով ոչ միայն կը հետեւի աշխատանքներուն, այլ՝ անձամբ հերթական դրութեամբ կ՛այցելէ ընտանիքներուն տուները։ Եագուպեան ըսաւ, որ սոյն կեդրոնը ստեղծուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի ծառայութեան աշխատանքային հորիզոնը ընդարձակելու եւ ճիւղաւորելու նպատակով։

Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն․ Րաֆֆի Սիսլեան իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ լիբանանահայութեան ընկերային կարիքները օրըստօրէ կ՛աւելնան առկայ բազմաթիւ տնտեսական-ընկերային դժուարութիւններուն դիմաց։ Ան նշեց, որ այս մտահոգութիւններէն մեկնած, Ազգային վարչութիւնը գլխաւորութեամբ սրբազան հօր, գործակցաբար Ընկերային յանձնախումբին սերտեց կարելիութիւնները ծաւալելու Առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի գործելադաշտերը եւ սպասարկութիւնները։ Ան յայտնեց, որ յետ ուսումնասիրութիւններու, որոշուեցաւ բաժանմունքը իր գրասենեակներով փոխադրել նախկին Ազգային Ս. Քառասնից մանկանց վարժարան, որպէսզի տեղի իմաստով դժուարութիւնները յաղթահարուին, եւ կարիքաւոր ընտանիքներու առանձնականութիւնը  պահպանուի։ «Այս կեդրոնը բոլոր անոնց համար է, որոնք զօրակցութեան կարիք ունին, եւ մենք մեր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնենք օգտակար դառնալու եւ ձեռք երկարելու իւրաքանչիւր հայորդիի» ըսաւ ան։

Րաֆֆի Սիսլեան նկատել տուաւ, որ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքին տրամադրուած տարեկան պիւտճէին կողքին բազմաթիւ բարերարներ նիւթական օժանդակութեամբ յաւելեալ պիւտճէ կ՛ապահովեն ծրագիրներու յաջողութեան։ Սիսլեան ըսաւ, որ անցնող շաբաթներուն բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքօ եւ Անի Պէզիքեան տասը հազար ամերիկեան տոլար նուիրեց բաժանմունքին, որ գործածուի կարիքաւոր ընտանիքներու կեցութեան պայմաններու բարելաւման աշխատանքներուն։

«Այսուհետեւ կեդրոնը գոյութիւն ունի։ Կը մնայ կառոյցին կեանք տալ, շունչ տալ։ Կը մնայ, որ բարերարները իրենց նիւթական եւ բարոյական մասնակցութեամբ յաւելեալ ընթացք տան աշխատանքներուն։ Կը մնայ, որ հայորդիները պիտոյքներով, հագուստեղէնով եւ այլ կարիքներով կատարեն համապատասխան փոխանակումներ։ Կը մնայ, որ պատասխանատուները եւ պաշտօնեաները բծախնդրութեամբ, նուիրումով եւ հետեւողականութեամբ կատարեն իրենց վստահուած աշխատանքը» եզրափակեց Սիսլեան։

Ապա Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս փոխանցեց իր հայրական պատգամը։ Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ Ազգային առաջնորդարանը շէնք, անձնակազմ կամ վայր մը չէ, այլ՝ առաքելութիւն է, եւ այդ առաքելութեան ճամբուն վրայ նոր հանգրուան մը եւս կը թեւակոխենք ընկերային ծառայութեան սոյն կեդրոնին հաստատումով։ Սրբազանը ըսաւ, որ երկրի տնտեսական, ընկերային եւ այլ պայմանները շատ ալ փայլուն չեն, սակայն հայ քրիստոնեայի լաւատեսութիւնը եւ հեռատեսութիւնը կրնայ յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւն, հաստատելով, որ մեր պատմութեան ընթացքին ամէն անգամ երբ քաղաքական եւ այլ հաշուարկներ սխալ ելած են՝ մենք անկիւնադարձ ապրած ենք եւ յաղթանակ արձանագրած։

Սրբազանը ըսաւ, որ ընկերային ծառայութիւնը մաս կը կազմէ եկեղեցւոյ հարազատ առաքելութեան աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդի ծոցէն ծնան ծանօթ եւ անծանօթ, մեծ եւ փոքր բարերարներ, գիտակից եւ յանձնառու հայորդիներ, որոնք իրենց ունեցածէն բաժին հանեցին իրենց մեծ ընտանիքին՝ ազգին եւ ազգն ալ իր հերթին այդ բոլորը բաշխեց մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն։  «Նորութիւն չէ ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը առաջնորդարանի կեանքին եւ առաքելութեան մէջ, բայց նորութիւն է այս նոր պատրաստակամութիւնը։ Մեր ժողովուրդի աւելի լայն զանգուածին օգտակար ըլլալու մեր այս քայլը» շեշտեց Նարեկ արքեպիսկոպոս եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զանազան միջոցներով օգտակար հանդիսացան այս նուիրական ծրագիրին հաւատալով, որ անոնք ապագային եւս պիտի շարունակեն օգտակար հանդիսանալ նոյն պատասխանատուութեամբ եւ գիտակցութեամբ։

Եզրափակելով իր խօսքը սրբազանը ըսաւ. «Ընկերային ծառայութիւնը օժանդակութիւն չէ։ Ընկերային ծառայութիւնը զօրակցութիւն է։ Մենք կը զօրակցինք մեր ազգի զաւակներու բոլոր կարիքներուն։ Ընկերային ծառայութեան այս բաժանմունքը կու գայ ոչ միայն նիւթական օժանդակութիւն ընծայելու, այլ ըսելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ Ազգային առաջնորդարանը ձեզի հետ է, մենք բոլորս մէկ ընտանիք ենք եւ այսպէս պիտի շարունակենք մեր ծառայութիւնը՝ աղօթքով, հայրենասիրութեամբ, պահանջատիրութեամբ եւ ընկերային ծառայութեամբ»։

Աւարտին ներկաները շրջեցան ընկերային ծառայութեան նոր բաժանմուքին մէջ եւ յայտնեցին իրենց բարեմաղթութիւնները։

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին