ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱԲՂ. ՔԻՒՐԻՒՄԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
Քրիստոնեայ աշխարհի մեծագոյն տօներէն մին կը հանդիսանայ Հոգեգալուստը, որ նաեւ Պենտէկոստէ անունով ծանօթ է: Պենտէկոստէն Հրէական տօն մըն է, որ կը յիշատակուի Զատիկէն եօթը շաբաթներ ետք: Պենտէկոստէ բառը կը նշանակէ յիսուն օրեր: Այս տօնը հունձքի կամ երախայրիքի տօնն էր: Աստուած հրամայեց որ երբ հրեաները ամրան առաջին պտուղները հնձեն, պէտք է բերեն Աստուծոյ եւ յանձնեն տաճարին կամ բաժնեն աղքատներուն: Այս տօնով հրեաները նաեւ պէտք էր յիշէին Սինա լերան վրայ Մովսէսին տրուած օրէնքները:
Յիսուս, վերջին ընթրիքի ընթացքին առաքեալներուն խոստացաւ Սուրբ Հոգին ղրկել, ըսելով՝ «Ձեզի համար լաւ է որ ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ ես երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի» (Յհ 16.7): Քրիստոս Համբարձման պահուն եւս թելադրեց իր Առաքեալներուն Երուսաղէմ մնալ, մինչեւ որ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը ստանան. «Եւ ահա ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրս տուած խոստումը: Մնացէ՛ք Երուսաղէմի մէջ, մինչեւ երկինքէն զօրութիւն ստանաք» (Ղկ 24. 49):
Եւ իսկապէս, Գործք Առաքելոցը շատ գեղեցկօրէն կը նկարագրէ Սուրբ Հոգիին գալստեան դէպքը եւ կը բացատրէ թէ ինչպէս, Սուրբ Յարութենէն յիսուն օրեր ետք, Սուրբ Հոգին հրեղէն լեզուներու կերպարանքով կ’իջնէ վերնատուն՝ համախմբուած առաքեալներուն վրայ: «Երբ Պենտէկոստէին օրը հասաւ, բոլոր հաւատացեալները միասնաբար մէկտեղուած էին: Յանկարծ սաստիկ հովի մը սուլոցին պէս ձայն մը հնչեց երկինքէն եւ լեցուց ամբողջ տունը, ուր անոնք նստած էին: Յետոյ անոնք տեսան հրեղէն լեզուներ, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ: Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար» (Գրծ 2.1-4):
Սուրբ Հոգիի ներգործութիւնը առաքեալներու կեանքին ու գործունէութեան մէջ շատ մեծ դեր ունեցաւ: Անոնք զինուեցան երկնային զօրութեամբ եւ իրենց կարգին՝ Սուրբ Հոգին փոխանձեցին բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին եւ մկրտուեցան Քրիստոսի անունով: Այսօր եւս, եկեղեցին կը գործէ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ: Սուրբ Հոգիի դաւանութիւնը որպէս Սուրբ Երրորդութեան ճառագայթող կերպարանք, այսօր առաջնահերթ սկզբունք է քրիստոնէական հաւատամքին մէջ: Առ այդ, Սուրբ Պատարագէն առաջ հաւատացեալները պէտք է խոստովանին ըսելով. «Կը հաւատանք նաեւ Սուրբ Հոգիին, անեղ եւ կատարեալ, որ խօսեցաւ Օրէնքին ընդմէջէն մարգարէներու գիրքերով եւ Սուրբ Աւետարանի միջոցով: (Ան է) որ Յորդանան իջաւ, քարոզեց առաքեալներուն եւ բնակեցաւ սուրբերուն մէջ»: Սկզբնական ժամանակներուն, Հոգեգալստեան տօնը մէկ օր կը տօնուէր, սակայն hետագային Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ այս ոգեկոչումը տարածեց ամբողջ մէկ շաբթուան վրայ. միանգամայն գրելով իւրաքանչիւր օրուան յատուկ շարականներն ու դասաւորելով ծիսական արարողութիւնները:
Պենտէկոստէի օրն էր որ Սուրբ Հոգին եկաւ եւ մեծ խորհուրդով եկեղեցին ա՛յդ օրը հիմնուեցաւ։ Այդ օրերուն առաքեալներու քարոզութեամբ հազարաւոր մարդիկ հաւատացին եւ մկրտուեցան: Հետեւաբար, կրնանք ըսել, որ Պենտէկոստէն եկեղեցւոյ հիմնարկութեան օրն է: Սուրբ Հոգին իր մէջ ունեցողը նաեւ կ’ունենայ զանազան շնորհքներ, ինչպէս օրինակ՝ խօսելու շնորհքը: Ասոր մեծագոյն օրինակը կը տեսնենք Աստուածաշունչին մէջ, երբ առաքեալները այնպէս մը կը քարոզէին Աստուծոյ փառքին մասին, որ բոլորին կ’ապշեցնէին: Երբ Սուրբ Հոգիով լեցուինք, մարդկային մեր մտավախութիւնները, մտային սահմանափակումներն ու ապրելակերպը կը յեղաշրջուին։
Այսօր մենք եւս կոչուած ենք առաքեալներուն նման, Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը խնդրելու մեր կեանքերէն ներս, որպէսզի մեր յարաբերութիւնները Աստուծոյ հետ աւելի կատարեալ ըլլան: Սուրբ Հոգիին ճամբով մեր մէջ հոսող սէրն է, որ կը մաքրէ մեր ներսիդին եւ պատճառ կը դառնայ մեր անձերուն նորոգման։ Սուրբ Հոգին, որ մէկն է Սուրբ Երրորդութեան, Աստուծոյ ներկայութիւնը կ’ապահովէ մեր կեանքէն ներս: Ուրեմն, մարդը պակասաւոր կը մնայ առանց Սուրբ Հոգիի ներկայութեան։ Սուրբ Հոգին մեր մէջ ներգործելով, կը մաքրէ, կը մխիթարէ եւ կ’առաջնորդէ մեր անձերը:
Եկեղեցին առանց Սուրբ Հոգիի ներգործութեան, քարեղէն պարզ կառոյցի մը կը վերածուի եւ իր կենդանութիւնը կը կորսնցնէ: Եկեղեցին Սուրբ Հոգիի զօրութեամբն ու ներգործութեամբն է որ կը կատարէ իր առաքելութիւնը: Առանց Սուրբ Հոգիի ներկայութեան, եկեղեցին չի կրնար ներշնչել ու մխիթարել հաւատացեալը:
Սուրբ Հոգին նաեւ Հօր Աստուծոյ մօտ բարեխօս է մեր հոգիներուն, որովհետեւ Իր միջոցաւ է որ մեր անձերը փրկութեան կ’առաջնորդենք: Հետեւաբար, Ան իր ներգործութեամբ մեզ կ’ազատագրէ մեղքէն ու փորձութիւններէն: Պօղոս առաքեալ շատ գեղեցիկ ձեւով կը բնութագրէ հետեւեալը. «Քանի Տիրոջ դառնալ՝ կը նշանակէ Հոգին ունենալ, եւ ուր որ Տիրոջ Հոգին ներկայ է՝ հոն ազատութիւն է» (Բ. Կր 3.17): Առ այդ, ինչպէս որ մենք կը դաւանինք Հայրը եւ Որդին, այնպէս ալ պէտք է դաւանինք Սուրբ Հոգին, որովհետեւ նաեւ Ինք է որ աստուածայինը ներկայ կը դարձնէ մարդկայինին մէջ եւ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի ճշմարիտ ազատութիւն եւ սրբութիւն:
Երբ լաւապէս կը թերթատենք Աստուածաշունչը, պիտի տեսնենք թէ Սուրբ Հոգին զանազան ձեւերով ու կերպարանքներով յայտնուած է մարդուն: Ըլլա՛յ կրակի սիւնին ընդմէջէն (հմմտ Ելց 13.21), ըլլա՛յ աղաւնիի կերպարանքով (հմմտ Մտ 3.16), ըլլա՛յ հրեղէն լեզուներու տեսքով (հմմտ Գրծ 2.3) եւ այլ միջոցներով: Եթէ հարց տանք, թէ ինչո՞ւ կրակի եւ աղաւնիի միջոցով յայտնուեցաւ Սուրբ Հոգին, պիտի նշմարենք թէ երկուքին պարագային ալ անոնք մաքրութիւն կը խորհրդանշեն:
Վերջապէս, բոլորս ալ պէտք է փափաքը ունենանք Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ ապրելու, այնպէս ինչպէս առաքեալները ապրեցան ու ապրեցուցին: Սուրբ Հոգիի գաղափարը հասկնալու ու ըմբռնելու համար, պէտք է նախ գործակցիլ անոր հետ եւ ապա մեր կեանքին ու շրջապատին մէջ արտացոլացնել զայն: Առ այդ, ամբողջ սրտով պէտք է հաւատալ Արարիչ Աստուծոյ, Փրկիչ Որդիին եւ Մխիթարիչ Սուրբ Հոգիին: