Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

ՌԴ ԱշխատանքայինԱյցիԾիրէն ՆերսՆիկոլՓաշինեանՀանդիպումՊիտի ՈւնենայՎլատիմիրՓութինիհետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունիս 6-7-ին աշխատանքային այցով կը մեկնի Ռուսաստանի Դաշնութիւն: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»՝ վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, վարչապետը կը մասնակցի Ս. Փեթերպուրկի միջազգային տնտեսական համաժողովին եւ հանդէս կու գայ ելոյթով:

Այցի ծիրէն ներս վարչապետ Փաշինեան հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:Կը նախատեսուին վարչապետի այլ հանդիպումներ երկրներու առաջնորդներու, կառավարութիւններու ներկայացուցիչներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ:

Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում  պիտի ունենայ Ս. Փեթերպուրկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ, հանդէս պիտի գայ մամուլի ասուլիսով:   

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին