«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իսլամական Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորած է շարք մը երկիրներու ղեկավարներնու առաջնորդները:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»՝ վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, վարչապետը իր բարեմաղթանքները յղած է Օմանի Սուլթանութեան սուլթանին, Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան թագաւորին, Պահրէյնի Թագաւորութեան թագաւորին, Մարոքի Թագաւորութեան թագաւորին, Քաթարի Պետութեան էմիրին, Թունիսի Հանրապետութեան նախագահին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահին եւ վարչապետին, Քուէյթի Պետութեան էմիրին եւ վարչապետին, Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան թագաժառանգին, Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նախագահին, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահին, լիբանանի Հանրապետութան վարչապետին, Իրաքի Հանրապետութեան վարչապետին:






