Կիրակի, 15. 03. 2026

spot_img

Գարեգին Բ. ընդունեց Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Ուրբաթ, Մայիս 31-ին, Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան եւ ընտանիք այցելելով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին եւ հանդիպում ունեցած են ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ։ Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Պալեան ընտանիքին, որ կը հովանաւորէ եւ նիւթապէս սատար կը  հանդիսանայ մեծանուն երգչուհի Լուսինէ Զաքարեանի Տուն-թանգարանի աշխատանքներուն, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Յունիս 1-ին, Երեւանի մէջ։

Գարեգին Բ.-ին հետ հանդիպումին ընթացքին, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան անդրադարձած է տաղանդաշատ եւ եկեղեցանուէր Լուսինէ Զաքարեանին եւ անոր ամուսնոյն՝ Խորէն Պալեանին (հօրեղբայրը Տոքթ. Պալեանի) Տուն-թանգարանին մատուցած եւ մատուցելիք օժանդակութեան, իսկ Գարեգին Բ. բաշխած է Հայրապետական իր օրհնութիւնները, մաղթելով յաջողութիւններ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին