«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի անդամները նպատակադրած են 2019ի պիւտճէի սեւագրի քննարկումները ամբողջացնել յառաջիկայ Յուլիսի կիսուն: Այս մասին յայտարարեց Խորհրդարանի Ֆինանսական եւ Պիւտկէի յանձնախումբի նախագահ Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան:
Նշեալ յանձնախումբը Երկուշաբթի օր չորս ժաշ տեւողութեամբ քննարկումներու ժողով մը գումարած էր: Ժողովին մասնակցած է Ֆինանսներու նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ ուրիշ 53 երեսփոխաններ:






