Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ներկայութեամբ Արուեստագիտուհի Օրդ. Մարալ Փանոսեանի «Լենա Այտընեան» Նկարչական Մրցանք եւ Աշակերտական Ցուցահանդէս (լուսանկարներ)

Կեանքը վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս

Երեքշաբթի, 28 Մայիս 2019-ին, աշակերտները արտակարգ ոգեւորութեամբ կը սպասէին օրուան յարգարժան հիւրերուն, լիբանանահայ արուեստի աշխարհին մէջ իւրայատուկ տաղանդով օժտուած արուեստագիտուհիներուն՝ Տիկ. Լենա Այտընեանին եւ Օրդ. Մարալ Փանոսեանին, որոնց նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ միջ-դասարանային նկարչական մրցանքը (նախ.Ա-էն Միջն. Բ.), որ կը միտէր քաջալերել տաղանդաւոր եւ արուեստը սիրող աշակերտները, ինչպէս նաեւ առիթը ընծայել անոնց ձիրքերը յայտնաբերելու համար: Մրցանքի աւարտին տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը «Աշակերտական Ցուցահանդէս»ին, վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ ծնողաց յանձնախումբի անդամուհիներ եւ ծնողներ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկ. Ռիթա Թամուկեանը, որ անդրադարձաւ, թէ մարդը իբրեւ բանական էակ կը յատկանշուի իր ստեղծագործական ունակութեամբ, եւ այս տեսակէտէն մեկնելով է որ իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտին տեղի կ’ունենայ սոյն ցուցահանդէսն ու մրցանքը: Ան հիւրերը ներկայացնելով ըսաւ.« Տիկ. Լենա Այտընեան իր մասնագիտութեան՝ դեղագործութեան զուգահեռ, զարգացուցած է իր նկարչական տաղանդը եւ կը համարուի Լիբանանի նշանաւոր գեղանկարչուհիներէն մին: Ան կը յատկանշուի ուրիշներէն իր նուրբ ճաշակով եւ դիտելու կարողութեամբ: Ան իր վրձինին յանձնելով՝ գոյներու, գիծերու, շուքի եւ լոյսի միջոցով՝ գործերուն մէջ կ’արտայայտէ մարդու ներաշխարհին մէջ գոյացող պայքարները»: Տիկ. Թամուկեան իր խօսքը շարունակեց ըսելով, թէ իր ներկայութեամբ մեզ պատուած էր նաեւ արուեստագիտուհի Օրդ. Մարալ Փանոսեանը, որ 1986- էն ի վեր ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ Սուրիոյ, Կիպրոսի մասնակցած աւելի քան 50 հաւաքական ցուցահանդէսներու վերոյիշեալ երկիրներուն, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ: 1991-ին կը պարգեւատրուի ՀԲԸՄ-ի ոսկի շքանշանով: Կ’աշխատակցի մշակութային պարբերաթերթերու: Ան հիմնադիրն է «Այբ թու զետ» ակադեմեայի: Վերջապէս ան բեմահարթակ հրաւիրեց վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կալինա Նաճարեանը, որ իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ այս տարի եւս վարժարանիս տնօրէնութիւնը համագործակցաբար լիբանանահայ արուեստագէտ, գեղանկարիչ Տիկ. Լենա Այտընեանին, կազմակերպեց տարբեր տարիքային խումբերու ստեղծագործական ձեռային եւ նկարչական աշխատանքներու այս ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ չորս յաջորդական տարիներէ աւանդութիւն դարձած միջ-դասարանային Լենա Այտընեան նկարչական  մրցանքը:


Սոյն ձեռնարկը իր այլազան թեմաներու ներկայացումով, արդիւնքն էր ամբողջ տարեշրջանի մը ճնշուած աշխատանքին եւ կը միտէր աշակերտներուն մօտ զարգացնել արուեստի հանդէպ սէր եւ գնահատել անոնց աշխատանքները: Տնօրէնուհին իր խօսքը շարունակեց ըսելով. «Այս տարի մեր այս ձեռնարկը ունի տարբեր երանգ, յատկապէս ինծի համար, որովհետեւ Տիկ. Լենա Այտընեանին կ’ընկերակցի իմ շատ սիրելի գեղարուեստի ուսուցչուհիս՝ գեղանկարիչ Օրդ. Մարալ Փանոսեանը»: Տնօրէնուհին իր խօսքը եզրափակեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով վարժարանիս ուսուցչակազմին, յատկապէս գծագրութեան եւ ձեռային աշխատանքներու դասատու՝ Օրդ. Սարին Կարպուշեանին, ինչպէս նաեւ Տիկ. Լենա Այտընեանին, որուն նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ այս տարի եւս կարելի եղաւ այս ցուցահանդէսն ու մրցանքը ի գործ դնել: Վերջապէս ան զոյգ արուեստագէտներուն մաղթեց առողջութիւն, արգասաբեր տարիներ ու գործի առաքելութեան բարի երթ: Ստորեւ կը նեկայացնենք անուանացանկը իւրաքանչիւր շրջանի առաջին երեք մրցանակակիրներուն, որոնք բեմահարթակ բարձրանալով ստացան իրենց նուէրները տրամադրուած Տիկ. Լենա Այտընեանի կողմէ: Ա. շրջանէն՝Հրանդ Քէօրիւքեան (Նախ. Ա.) (Ա. մրցանակ), Յակոբ Շամահեան (Նախ.Բ.) (Բ. մրցանակ),Մապէլ Գասարեան (Նախ. Բ.) (Գ. մրցանակ): Բ.շրջանէն՝ Մարի Քլէր Նալչաճեան (Նախ. Զ.) (Ա. մրցանակ),Ալեքս Գոճայեան (Նախ. Ե.) (Բ. մրցանակ),Պրայըն Միքայէլեան (Նախ.Դ.) (Գ. մրցանակ): Գ. շրջանէն՝ Տէյվիտ Գէորգ (Միջն.Բ.) (Ա. մրցանակ), Ծովինար Գրիգորեան (Միջն Ա.) (Բ. մրցանակ), Մոսիկ Տէօրտիւրլեան (Միջն. Բ.) (Ա. մրցանակ): Այս մթնոլորտէն խանդավառուած Օրդ. Մարալ Փանոսեան ներկայացաւ գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ մը, յայտարարելով որ Նախ. Զ. դասարանի աշակերտուհի՝ Մարի Քլէր Նալչաճեանը, յառաջիկայ տարեշրջանին կ’արժանանայ քառամսեայ անվճար դասընթացքի «Այբ թու զետ» ակադեմեայէն ներս: Մրցանքին մասնակցող իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ վկայագիր մը: Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի կազմակերպած այս ցուցահանդէսը անգամ մը եւս կու գայ ամրապնդելու վարժարանիս առաքելութիւնը՝ ջամբելով ուսում, արուեստ ինչպէս նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն: »

ՎԱՀԱՆ ԹէՔԷԵԱՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին