Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Նասրալլա. ԱՄՆ Սահմանային Բանակցութիւններ Կը Վարէ Հըզպալլայի Հրթիռներուն Դէմ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հըզպալլայի առաջնորդ Սայիտ Հասան Նասրալլա Ուրբաթ օր յայտարարեց, որ ԱՄՆ դեսպանը յանձնարարութիւն տուած է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ հողերու եւ ծովային սահմանի սահմանազատման հարցի միջնորդութեամբ՝ օգտագործելով Հըզպալլայի հրթիռային զինանոցը թիրախելու իր դիրքորոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ The Daily Star-ը։

Նասրալլա քննադատեց Տէյվիտ Սէթթըրֆիլտը` Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով ԱՄՆ-ի գործող տեղակալը, քանի որ ան սահմանային բանակցութիւնները կ՝օգտագործէր Իսրայէլի օգտին:

«Ամերիկացիները կ՝ուզեն օգտագործել ծովային եւ հողային սահմաններուն շուրջ բանակցութիւնները, լուծելու համար իսրայէլական խնդիրը, զոր տարիներու ընթացքին չկրցան լուծել»,- ըսաւ Նասրալլա` անդրադառնալով հրթիռներուն:

Նշենք, որ Սէթթըրֆիլտ միջնորդի դեր կը կատարէ Պէյրութի եւ Թել-Աւիւի միջեւ, որպէսզի լուծուի երկու երկիրներուն միջեւ ծովային եւ սահմանային վէճը:

Եթէ ​​ԱՄՆ-ն շարունակէ օգտագործել իր դերը, իրենց կուսակցութիւնը «հիմք պիտի ստեղծէ, որպէսզի Լիբանանի մէջ հրթիռային գործարաններ ունենան»,- կ’ըսէ Նասրալլա։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին