«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հըզպալլայի առաջնորդ Սայիտ Հասան Նասրալլա Ուրբաթ օր յայտարարեց, որ ԱՄՆ դեսպանը յանձնարարութիւն տուած է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ հողերու եւ ծովային սահմանի սահմանազատման հարցի միջնորդութեամբ՝ օգտագործելով Հըզպալլայի հրթիռային զինանոցը թիրախելու իր դիրքորոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ The Daily Star-ը։
Նասրալլա քննադատեց Տէյվիտ Սէթթըրֆիլտը` Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով ԱՄՆ-ի գործող տեղակալը, քանի որ ան սահմանային բանակցութիւնները կ՝օգտագործէր Իսրայէլի օգտին:
«Ամերիկացիները կ՝ուզեն օգտագործել ծովային եւ հողային սահմաններուն շուրջ բանակցութիւնները, լուծելու համար իսրայէլական խնդիրը, զոր տարիներու ընթացքին չկրցան լուծել»,- ըսաւ Նասրալլա` անդրադառնալով հրթիռներուն:
Նշենք, որ Սէթթըրֆիլտ միջնորդի դեր կը կատարէ Պէյրութի եւ Թել-Աւիւի միջեւ, որպէսզի լուծուի երկու երկիրներուն միջեւ ծովային եւ սահմանային վէճը:
Եթէ ԱՄՆ-ն շարունակէ օգտագործել իր դերը, իրենց կուսակցութիւնը «հիմք պիտի ստեղծէ, որպէսզի Լիբանանի մէջ հրթիռային գործարաններ ունենան»,- կ’ըսէ Նասրալլա։






