Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 2018-2019 Տարեշրջանի Ակադեմական Եւ Արուեստից Բաժանմունքներու Շրջանաւարտից Հանդէս (լուսանկարներ)

Լիբանանահայ Դպրոց

Շաբաթ, 18 մայիս 2019-ի երեկոյեան, Զալքայի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետօղլեան» սրահին մէջ, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը ներկայացուց իր աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող շրջանաւարտից հունձքը, հովանաւորութեամբ՝ պատրիարքական փոխանորդ Պէյրութի թեմի, Զմմառու կղերի միաբանութեան եւ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գաբրիէլ Թ.Ծ. Վ. Մուրատեանի:

Հանդիսութեան հայերէն բացման խօսքը կատարեց Քրիսթին Չանկուլեան: Ան նշեց, որ իրենք` 44 շրջանաւարտները, վկայական ստանալով պիտի փակեն իրենց կեանքի լաւագոյն հանգրուաններէն մէկը` բանալու համար նորը: Շրջանաւարտ Չանկուլեանի խօսքով Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը հոգատար մայր է, որ տարիներ շարունակ գիտութեամբ զինած է զիրենք, տուած է հոգեւոր ու մտային պաշար եւ ուղղորդած դէպի ապագայի լուսաւոր ճանապարհ եւ այս բոլորը եղած է վարժարանի անձնակազմի անդուլ աշխատանքի շնորհիւ: Քրիստինէն նկատել տուաւ, որ այս տարի կը զուգադիպի հանճարեղ երաժիշտ, երգահան Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին, հետեւաբար այս սերունդի շրջանաւարտները պարտք կը զգան լեցուելու անոր շունչով ու ոգիով:

Արաբերէն լեզուով բացման խօսք կատարեց շրջանաւարտ Լուչիանա Ֆէնէրճեան, որ գնահատեց առանցքային դերը վարժարանի ուսուցիչներուն, որոնք աշակերտները իրենց զաւակները համարելով՝ տուին ամէն տեսակ սէր, իսկ ծնողները եղան իսկական ապաւէններ, որոնք լսեցին իրենց գանգատները, ամոքեցին իրենց վէրքերը, եւ տուին յաւիտեան իրենց կողքին մնալու խոստումը:

Շրջանաւարտներու ուղերձը անգլերէն լեզուով կարդաց Կասիա Տէրտէրեան, որ ըսաւ,- թէ մանկութեան անմեղութիւնը այս պահուն փոխարինուած է հասունութեամբ, որուն միջոցով կեանքի նոր էջ մը կը բացուի: Ան իր ընկերներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ծնողներուն` անոնց անմնացորդ դրոշմին եւ նեցուկին համար, նաեւ երախտագիտութիւն` իրենց ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան, որոնք սորվեցուցին կեանքի կարեւոր արժէքներն ու յարգանքը, քաջալերեցին զանոնք եւ հետեւեցան անոնց առօրեային:

Շրջանաւարտներու ուղերձը հայերէն լեզուով կարդաց Մեղրի Պասմաճեան, որ ըսաւ, թէ իրենց վարժարանը աշակերտներուն սրտերուն մէջ վառեց հայրենասիրութեան ջահը եւ   ցանեց Քրիստոսի հանդէպ սէրն ու հաւատքը: Ան հանդէսը նկատեց պտղաբերումի պահ եւ իր սերունդի անունով խոստացաւ՝ իբրեւ հայ պահել ու տարածել ազգային արժէքները, իսկ իբրեւ քրիստոնեայ՝ ամուր ու կայուն հաւատքով ապրիլ ու ներշնչել ուրիշները: Ապա շրջանաւարտները ներկայացուցին «Տոզ ուըր տը տէյզ» խմբային երգը։

Վարժարանի ակադեմական մեծաւոր Նելլի Տէր Ղազարեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ շրջանաւարտները ստացան որակաւոր դաստիարակութիւն,  քրիստոնէական ու հայկական բարձր գիտելիքներ եւ զինուեցան մարդկային արժէքներով, աշակերտները տարիներ շարունակ փայլուն արդիւնքներ արձանագրեցին են պետական քննութիւններուն: Ըստ անոր, դպրոցին մէջ կը դասաւանդուին բազմակողմանի զարգացման ակադեմական ծրագիրներ, աշակերտները կը մասնակցին միջազգային քննութիւններու, վարժարանը կը գործակցի Լիբանանի եւ Հայաստանի համալսարաններուն հետ: Նելլի Տէր Ղազարեան շեշտեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան եւ բարերարներուն անվերապահ աջակցութիւնը վարժարանին՝ կառոյցը նորոգելու ու արդիականացնելու գործին, ան անդրադարձաւ  նաեւ որակեալ ուսուցչական կազմին դերին: Տէր Ղազարեան իր խօսքի վերջին բաժինը ուղղեց շրջանաւարտներուն ըսելով, որ  կեանքի նոր հանգրուանի սեմին անոնք պիտի դիմագրաւեն ուսումնական, աշխատանքային, տնտեսական մարտահրաւէրներ, ուստի պէտք է առաջնորդուին իրենց գիտելիքներով, քրիստոնէական ու հայեցի արժէքներով:

Այնուհետեւ զոյգ մը շրջանաւարտներ ներկայացուցին սալսա պարը: Ապա ցուցադրուեցաւ աշակերտական կեանքէն տեսերիզ մը: Յունական խմբային պարով դարձեալ հանդէս եկան շրջանաւարտները:

Վարժարանի վարչական մեծաւոր Արամ Գարատաղլեան իր խօսքին մէջ շեշտեց դպրոց, ծնողք եւ աշակերտ երրորդութեան կարեւորութիւնը` լաւագոյն ուսում ջամբելու, քրիստոնէական, մարդկային սկզբունքներու վրայ հիմնուած եւ ակադեմական բարձրագոյն մակարդակ ունենալու առումով: Ան նշեց, թէ հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապին, դպրոցը ճիգ չխնայեց զարգացնելու վարժարանը եւ ծնողներուն հետ գիտակցութիւն ցուցաբերեցին, որպէսզի աշակերտները որակեալ կրթութիւն ստանան: Խոստումը իրականութիւն դարձաւ, երբ վարժարանի դասարանները, բակերը եւ կարգ մը բաժանմունքները վերանորոգուեցան: Ան յայտնեց, որ այս բոլորը իրականացաւ շնորհիւ Զմմառու ցաւատանջ Տիրամօր աղօթքին, հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին հայրական գուրգուրանքին եւ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան վարժարաններու վարչական խորհուրդին՝ նախագահութեամբ հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի թելադրանքներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանին նեցուկ կանգնած բոլոր միութիւններուն եւ անհատներուն` դիտել տալով, որ կարգ մը դասարաններու նորոգութեան հովանաւորը եղած է Իտալիոյ եպիսկոպոսական խորհուրդը:

Գարատաղլեան յայտնեց  նաեւ, որ Սուրբ Զատկի արձակուրդէն ետք, 4-6-րդ դասարանի աշակերտներն ու իրենց ծնողները զարմացան՝ ի տես նորոգուած եւ արդիական սարքերով կահաւորուած դասարաններուն, բարեկարգում մը, որ իրականացուեցաւ Իտնալիոյ եպիսկոպոսներու խորհուրդէն տրամադրուած նուիրատւութեան մը շնորհիւ։ Գարատաղլեան բեմէն յայտարարեց, որ 2019-2020 տարեշրջանի սկիզբէն առաջ, վարժարանի բոլոր դասարանները՝ առաջինէն մինչեւ 12-րդ դասարան, նոյնպէս պիտի վերանորոգուին եւ օժտուին արդիական լաւագոյն սարքերով։ Խօսքի աւարտին, ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ կը ներկայացնէր նորոգութեան աշխատանքներն ու դասարաններու նախկին եւ ներկայ վիճակը։ 

Արամ Գարատաղլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նախարար Ռիշար Գույումճեանին իր ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ գնահատելով ձեռնարկի կազմակերպիչներու տարած առխատանքը, զիրենք բեմ հրաւիրեց  եւ պատուեց ծաղկեփունջերով։

Գեղարուեստական յայտագիրի վերջին բաժինով Ալինա Մխճեան եւ Շահան Մանճեան ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Կոմիտաս վարդապետին» բանաստեղծութիւնը, խմբային պարով եւ երգով` «Ալ այլուղս» երգի ընկերակցութեամբ հանդէս  եկան շրջանաւարտները, սաքսոֆոն նուագեց Ալինա Գայֆէճեան: Տեսերիզով ցուցադրուեցան շրջանաւարտներու արտադասարանային ձեռնարկներն ու գործունէութիւնները: Ապա շրջանաւարտները վարժարանի վահանը փոխանցեցին 11-րդ դասարանի աշակերտներուն: Անոնք երգեցին նաեւ «Առագաստանաւ» երգը:

Օրուան պատգամախօսն էր ընկերային հարցերու նախարար տոքթ. Ռիշար Գույումճեան, որ գնահատեց այն մեծ աշխատանքը, որուն համար աշակերտները եւ ուսուցիչները տքնեցան ամբողջ տարուան ընթացքին, դրուատեց բոլոր անոնց, որոնք աշխատեցան ի նպաստ վարժարանի վերելքին եւ յառաջդիմութեան:

Պատգամաօսը շրջանաւարտներուն ըսաւ,- թէ կեանքի նոր փուլին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը սպասեն անոնց եւ իրենք բոլոր դժուարութիւնները պէտք է դիմագրաւեն յաղթահարելով: Ռիշար Գույումճեան երեք պատգամ տուաւ շրջանաւարտներուն` մեծ երազներ ունենալ, տքնաջան աշխատիլ, հաւատքը բարձր պահել. ըստ անոր, մեր նախնիները այդպէս յաղթահարեցին դժուարութիւնները, կրցան վերականգնիլ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն եւ թոյլատրեցին, որ հայ ազգը փիւնիկի նման վերածնի: Այս պատգամը որպէս աւանդ մեր մեծ հայրերէն ու մեծ մայրերէն կը փոխանցուի շրջանաւարտներուն, որպէսզի իրենք իրենց հերթին շարունակեն նոյն ուղին:

Հանդիսութեան աւարտին վարժարանին կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ ընկերային հարցերու նախարար տոքթ. Ռիշար Գույումճեանին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին