Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Փոմփէոն Գերմանիոյ Կոչ Կ՝ընէ Կոշտ Վերաբերում Ցուցաբերել Հըզպալլայի Նկատմամբ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոն Գերմանիային կոչ ըրած է աւելի կոշտ վերաբերում ցուցաբերել Հըզպալլայի նկատմամբ, զոր ԱՄՆ-ն անուանած է ահաբեկչական կազմակերպութիւն:

Պեռլինի մէջ ընթացող հինգօրեայ եւրոպական շրջագայութեան ծիրէն ներս կայացած հանդիպումէն ետք՝ Փոմփէոն յոյս յայտնեց, որ Գերմանիան «պիտի հետեւի Բրիտանիոյ օրինակին» եւ աքսորէ Հըզպալլան:

Փետրուարին Միացեալ Թագաւորութիւնը յայտարարեց իր որոշումը Հըզպալլան ամբողջութեամբ աքսորելու մասին. նախապէս միայն անոր «ռազմական» թեւը կը համարուէր ահաբեկչական կազմակերպութիւն:

Գերմանիան, ինչպէս նաեւ անոր Եւրոմիութեան հարեւանները, կապեր կը հաստատեն Հըզպալլայի քաղաքական թեւին հետ, եւ ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Ֆետերիքա Մոկերինին ըսած է, որ ԵՄ դիրքորոշումը չի փոխուիր Միացեալ Նահանգներու որոշման լոյսին տակ:

Փոմփէոյի այցը Գերմանիա նախատեսուած էր Մայիսի սկիզբը, սակայն յետաձգուած էր Իրանի հետ վերջին լարուածութեան լոյսին տակ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին