Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Հայրենիք-Սփիւռք. «Իմ ոգեշնչման աղբիւրը սէրն է». Անոյշ Նագգաշեան

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այս օրերուն Հայաստան կը գտնուի երուսաղէմահայ բանաստեղծուհի եւ արձակագիր Անոյշ Նագգաշեան: Ան հանդիպումդասախօսութեամբ հանդէս եկած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան Պետական մանկավարժական, Հայռուսական (Սլաւոնական) համալսարաններու, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի ուսանողներուն համար եւ գրական ցերեկոյթ  ունեցած է Սիլվա Կապուտիկեանի տունթանգարանին մէջ:

Պատեհ առիթը բաց չձգելով«Հայերն այսօր»-ը զրուցած է Անոյշ Նագգաշեանի հետ: 

Տիկի՛ն Նագգաշեան, ինչպէ՞ս  «յայտնաբերեցիք» Ձեր ստեղծագործական աշխարհը:

– Առաջին բանաստեղծութիւնս գրած եմ 14 տարեկանիս: Այդ տարիքին առաջին անգամ Հայաստան եկած եմ` «Արթիկ» ճամբարին մէջ արձակուրդս անցընելու:

Հոգիս այնքա՜ն լի էր Հայրենիքով, կարծես` կեանքիս ուղին փոխուած էր: Միանգամէն սիրահարուեցայ Հայաստանին. կը մտածէի, թէ բոլոր ճանապարհները միայն կը բերեն Հայաստան: Երուսաղէմ վերադառնալով` յոյզերս բանաստեղծութեան վերածեցի:

Նաեւ մօրս նուիրուած բանաստեղծութիւն գրած էի: Այսինքն, ստեղծագործական պոռթկումներ միշտ ունեցած եմ: Հայաստանի մէջ բոլորը գիտէին` բանաստեղծուհի էի, բայց ոչ մէկուն երբեք ցոյց չէի տուած բանաստեղծութիւններս: Ի հեճուկս համարձակ բնաւորութեան` չէի ուզեր զգացումներս մարդոց ներկայացնել:

Գրական աշխարհ մուտք գործելուս մեծապէս նպաստած է գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր Սամուէլ Մուրադեանը: Ան դասախօսութեամբ Երուսաղէմ գտնուելու ժամանակ պատահական կարդաց Սպիտակի երկրաշարժին նուիրուած բանաստեղծութիւնս: Իմանալով, որ ես գրած եմ, շատ զարմացաւ եւ յուզուեցաւ, ըսելով, որ այն բանաստեղծական լուրջ արժէք է: Համարձակութիւնս ներեց միւս բանաստեղծութիւններս ալ ցոյց տալու, որոնք կարդալէ յետոյ Սամուէլ Մուրադեան շատ քաջալերեց զիս:

Ապա երկուստեք որոշեցինք բանաստեղծութիւններուս առաջին գիրքը հրատարակել, որ կոչեցինք «Սիրոյս տաք շունչը»:  Նաեւ արձակ ժանրի մէջ կը ստեղծագործեմ եւ իմ կեանքի դրուագներու հիման վրայ պատմուածքներ կը գրեմ, քանի որ կը ցանկամ ատոնք կիսել ընթերցողներուս հետ: Ընդհանուր առմամբ, գրած եմ 4 բանաստեղծական գիրք, 1 ժողովածու, 1 արձակ, 1 անգլերէնի թարգմանութիւն եւ 1 մանկական գիրք: Ի դէպ, գրասեղանիս վրայ քանի մը նիւթ կայ դրուած, որոնց, անպայման, թեւեր պիտի տամ:

Անսահմանօրէն կը սիրեմ նաեւ մանկավարժութիւնը. երկար տարիներ զբաղուած եմ մանկավարժութեամբ: Հպարտ եմ, որ կրցած եմ աշակերտներուս հոգիին մէջ հայրենասիրութիւնը արթնցնել եւ խանդավառել Հայրենիք այցելելու:

Ստեղծագործելու համար ի՞նչը  Ձեզի ոգեշնչման աղբիւր կը հանդիսանայ:

– Իմ ոգեշնչման աղբիւրը սէրն է: Սէր` իւրաքանչիւրի, յատկապէս` Աստուծոյ նկատմամբ: Աշխարհի մղիչ ուժը սէրն է, առանց որուն չես կրնար ապրիլ: Պէտք է ամէնուր  սէր եւ ջերմութիւն տարածել:

– Յաճա՞խ Հայաստան կու գաք:

– Այո՛, շատ յաճախ: Այս անգամ հանգամանքներու բերումով մէկ տարուան բացակայութենէն յետոյ եկայ: Հայաստանի մէջ դարձեալ կը կարօտնամ Հայաստանը:

Թող չափազանցութիւն չթուի, երբ օդանաւէն կ՚իջնեմ, կը սկսիմ տխրիլ` մտածելով, որ ժամանակն արդէն ի վնաս ինծի կ՚աշխատի: Հայրենիքի մէջ օրերս շատ յագեցած կ՚անցնին: Կը հանդիպիմ ընկերներուս, տարբեր դասախօսութիւններ կ՚ունենամ: Պարտադիր կ՚այցելեմ Էջմիածին` մոմ վառելու Մայր տաճարին մէջ, Կոմիտասի անուան պանթէոն կ՚երթամ` մեր մեծ գրողներու շիրիմներուն գլուխ խոնարհելու, Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանը պարտադիր կ՚այցելեմ` զգալու բանաստեղծուհիին վառ ներկայութիւնը եւ, կարծես, խօսելու անոր հետ:

Հայաստանի մէջ անցուցած օրերս ինծի կ՚օգնեն յետագային դրական լիցքերով եւ նոր աւիւնով աշխատելու: Երուսաղէմի մէջ ալ միշտ մտքով կը ճախրեմ Հայրենի եզերքով: Կարօտը կը փարատէ հեռուստաալիքներն ու համացանցը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ անցուցած օրերու յիշողութիւնները: Երբ կը զգամ, որ կեանքիս մէջ ինչ-որ բան պակաս է, հապշտապ Հայաստան այցելելու որոշում կը կայացնեմ:

Գիտեմ, որ Ձեր գրական կեանքի կերտման գործին մէջ մեծ է Սիլվա Կապուտիկեանի ազդեցութիւնը: Ի՞նչ յուշեր ունիք Ամենայն հայոց բանաստեղծուհիին հետ կապուած:

– Ճիշդ էք: Դեռ չծնած, Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւնները լսած եմ: Մայրս կը պատմէ, որ երբ սպասած է իմ լոյս աշխարհ գալուն, եղբօրս համար միշտ անոր «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը ասմունքած է, եւ ես ակամայէն «ունկնդրած եմ»  բանաստեղծութիւնը:

Առհասարակ, անմոռանալի յիշողութիւններ ունիմ Սիլվա Կապուտիկեանի հետ: Մեր բոլոր հանդիպումները վերածուած են իւրօրինակ ուսանելի դասի: Սիլվա Կապուտիկեանի խորհուրդներն առ այսօր կը յիշեմ եւ կը կիրառեմ: Ան կ՚ըսէր, որ, անկախ ամէն ինչէն, մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ շարունակեմ պահպանել անկեղծութիւնը: Այս պատգամը միշտ կը հնչէ ականջիս մէջ:

Ովքե՞ր են Ձեր ծնողները:

– Ծնողներս հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչներ եղած են: Մայրս 60 տարի մանկավարժութեամբ զբաղած է: Ան արդէն 90-ի շեմին է, գիշերները երազին մէջ մինչեւ հիմա կը դասաւանդէ եւ կը խօսի իր աշակերտներուն հետ:

Մայրս կը համարեմ նաեւ իմ հայոց լեզուի ուսուցիչս։ Պաղեստինի մէջ, ուր ծնած եմ, հայկական վարժարան չկար, եւ մայրս ինծի մեսրոպատառ այբուբենը սորվեցուցած է: Ծնողներս յորդորած են սիրել  Հայաստանը եւ մտահոգուիլ մեր երկրով: Մայրս միշտ խրատած է, որ ներեմ ինծի հանդէպ սխալ գործած մարդոց: Գուցէ երիտասարդ տարիներուն լաւ չէի ընկալեր այդ ամէնուն նշանակութիւնը, բայց հիմա արդէն լիովին կը գիտակցիմ: Մարդոց ներելով` հոգեպէս աւելի հանգիստ կը զգաս:

– Ո՞րն է Ձեր երազներու Հայաստանը:

– Նախ պէտք է Հայրենիքը սիրել այնպիսին, ինչպիսին կայ` իր բոլոր թերութիւններով եւ առաւելութիւններով: Ոչ մէկ երկրի մէջ կատարեալ է: Ես կը հաւատամ Հայաստանի լուսաւոր ապագային: Ապաւինինք նաեւ մեր բանիմաց եւ կրթուած երիտասարդներուն, որոնք նոյնպէս կրնան նպաստել Հայաստանի զարգացման:

Քիչ մը համբերութեամբ զինուինք, եւ ամէն ինչ լաւ կ՚ըլլայ:

– Տիկի՛ն Նագգաշեան, որքա՞ն յաճախ Ձեր քայլերը կ՚ուղղուին դէպի Սուրբ Յարութեան տաճար:

– Պատարագներուն  յաճախ կ՚երթամ: Շուկան եւ խանութները հիմնական Սուրբ Յարութեան տաճարի ճանապարհին կը գտնուին: Յաճախ կը պատահի, որ առեւտուրն ընելէ յետոյ կը մտնեմ Սուրբ Յարութեան Տաճար, մոմ կը վառեմ, կ՚աղօթեմ Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ եւ հաւատքս նորոգած՝ տուն կը վերադառնամ:

Զրուցեց՝ ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին