Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

«Պտոյտ մը հայկական քնարերգութեան մէջ»

Քնարերգական բանաստեղծութիւններու երեկոյ, կատարողութեամբ  ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի 10-րդ կարգի աշակերտներու, Հինգշաբթի, 23 Մայիս 2019

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վերջին քանի մը շաբաթներուն, մեր 15-ամեայ տղան՝ Հրակը հետաքրքրական եւ արտասովոր խանդավառութիւն մը կը ցուցաբերէր հանդէպ յայտագիրի մը, որ իր վարժարանի 10-րդ կարգի աշակերտները կը պատրաստէին։ Որպէս ծնողք, կրնայի մեր տան պատանիին մէջ տեսնել յայտագիրի մը հանդէպ հետաքրքրութեան աստիճանաւոր վերելք մը սկսած շաբաթներ առաջ, «…Ոտանաւոր պիտի ըսեմ մինչ դասընկերուհիս հովահարը ձեռքին նազ պիտի ընէ…» արտայայտութիւններէն հասնելով մինչեւ,– վերջին ժամերուն,– հայելիին առջեւ անվերջ ինքզինք զննած ատեն մերթ ընդ մերթ «թիթեռնեայ փողկապս, շապիկս… շիտակ կեցած ե՞ն» հարցումներուն։ Զգալի էր որ բան մը զինք հմայած էր։ Թերեւս զիս պիտի երկրորդէին ու իմ զգացմունքներուս միանային ուրիշ ծնողներ եւս։

Մուտք կը գործենք սրահէն ներս։ «Սիրոյ սեղան» մը, մաքուր եւ պարզ սէր ցոլացնող, կը դիմաւորէ հարաւիրուած հիւրերը, սփռուած ու լեցուն՝ մեր պատմութիւնը, բարքերը ու հաւաքական ենթագիտակցութիւնը ցոլացնող մրգերով, զարդեղէններով եւ ըմպելիներով։ Անդին՝ ծնողներ, ընտանիքի անդամներ եւ հիւրեր կը սպասեն իրենց սիրասուն եւ գեղատիպար պատանի-պարմանուհիներուն, որոնք շքերթով կու գան, ակնածանքով կ՚աղօթեն «Ճաշակեսցուքը» ու տօնական մթնոլորտ մը պարուրելով կը բազմին «Սիրոյ սեղան»ին շուրջ։

Ամբողջ երեկոյեան, «Սիրոյ սեղան»էն կը հնչեն մեր հայ բանաստեղծներէն, ինչպէս՝ Մեծարենցէն, Վարուժանէն, Տէրեանէն, Թէքէեանէն, Թումանեանէն, Չարենցէն ու այլ գրողներու գործերէն տաղեր ու ասմունքներ։ Ներկայ է նաեւ Լեւոն Շանթը իր «Հին աստուածներ»ով։ Իւրաքանչիւր մասնակցող, երգով եւ կամ տաղերով, ինքնատիպ մեկնաբանութիւնով ու հայեացքով, տաղերգական պատկեր մը կը գծէ ունկնդիրներու մտքի պաստառներու վրայ, նոր գոյն եւ նոր եռանդ տալով մեր բանաստեղծներուն համտեսած եւ ապրած սիրոյ զգացմունքներուն։ Քանի որ միեւնոյնն է սէրը եւ յաւերժ, թէկուզ հնչած մէկ դար առաջ Իսահակեանի «Թռչէի մտքով տուն»ով եւ կամ հինգ դարեր առաջ քուչակներու հայրեններով։

Չմոռնանք որ նաեւ հնչեց «Վալզ»ը։ Նրբագեղ պատանի-պարմանուհիներ այս անգամ մէյ-մէկ պարընկերներ դարձած կը մեկնաբանեն Խաչատուրեանի «Դիմակահանդէս»ի եւ Շոսթաքովիչի «Երկրորդ» վալսերը։ Նկարահանման գործի լծուած են սրահի գրեթէ բոլոր բջիջային հեռախօսները։ Պատանիներ իրենց ծնողաց եւ հարազատներուն կու տան այն նախահամը, թէ օր մը, երբ անոնք Աստուծոյ կամքով մեծնան ու դառնան չափահաս ու գտնեն իրենց կեանքի «սէր»երը, ինչպիսի՞ հարսերու ու փեսաներու կերպարներ պիտի ստանան։ 

Ոչ ո՛ք կը զգայ թաւալած վայրկեանները եւ արդէն յայտագիրը հասած է իր աւարտին։ Ոչ ո՛ք կ՚ուզէ հեռանալ սրահէն, ներառեալ պատանիները։

Կը յիշուին օրուան հերոսները՝ հայ քնարերգութիւնը անմահացնող հեղինակները, անոնց գործերը ըմբոշխնող եւ մեկնաբանող պատանիները, յարատեւ քաջալերող եւ գործակցող հայատրոփ սրտերով ծնողները, բայց ամէնէն աւելին՝ մեզ հայ պահող «Հայ լեզու»ն։

Սակայն, բոլորովին անարդար պիտի ըլլար եթէ չանդրադառնայինք մէկ այլ հերոսի՝ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկդ. վարժարանի Հայերէն լեզուի դասատուին եւ այս պարագային՝ Պրն. Նորայր Տատուրեանին, որու մտայղացումով, անխոնջ աշխատանքով եւ հետապնդումներով կարելի եղաւ սոյն միջոցառման պատրաստութիւնը եւ իրագործումը, որպէս աշակերտներու կողմէ հրաժեշտի ուղերձ մը մինչ անոնք դասարան կը փոխեն ու Հայերէն լեզուի հմտութեան մէջ նոր հորիզոններ կը նուաճեն։

21-րդ դարու հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ հոգեմտային հասակ առնող հայ պատանի սերունդի մը մէջ, նախ սէր սերմանել հանդէպ մեր գրական հարստութիւններուն, ապա զանոնք խանդավառել որ սոյն արժէքները բեմականացնեն ու այժմէական միջոցառումներով արուեստասէր ունկնդիրներու ներկայացնեն, նուազ հերոսութիւն մը չէ։ 

Վստահ եմ որ ինծի նման շատ մը ծնողներ այդ երեկոյ ականատես եղան թէ ինչպէս մատղաշ սերունդի պատկանող ու կեանքի մէջ ապահովութիւն, ընդունակութիւն, իմաստ եւ ինքնութիւն փնտռող պատանի-պարմանուհիներ, կրնան մաքուր ու պերճ սիրոյ մասին լսել, զայն հասկնալ, սովորիլ, այդ սէրը հագուիլ, արտասանել, պարել, նուագել ու արտայայտել։

Այսպիսով, «Լուսաւորիչի կանթեղ»ի, մեր հաւատքի ու ինքնութեան համար ինկած նահատակ նախնիներուն ու մեր ազգի բոլոր հերոսներուն պլպլացող պատրոյգները պիտի չմարին, այլ նոր իւղերով պիտի նորոգուին, ճրագ պիտի տան ու լուսաւորեն մեր եւ մեր սերունդներուն ճանապարհները։

Յաջողութեան դափնեպսակ մը եւս ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի հայապահպանման առաքելութեան մէջ։ Յարատե՛ւ վերելք։

Վերապատուելի ՎԱՉԷ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ

Փասատինա, Քալիֆորնիա

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին