Երկուշաբթի, 04. 12. 2023

spot_img

«Միշտ Խնդիր Կ’ունենաս Ստեղծագործութիւններդ Որեւէ Հարթակին Ներկայացնելու Հարցով» (լուսանկարներ, տեսերիզ)

Զարթօնք Հայրենիքի Մէջ – 29 –

Հարցազրոյց Հայրենի Երիտասարդ Նկարչուհի Լուսին Գինոսեանի Հետ

Զրուցեց՝ Քրիսթինա Աղալարեան

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Յունիս 2-ին Երեւանի սրտի մէջ՝ Թումանեան 11 հասցէին գործող NOVA ARTS Gallery & Wine-ի մէջ տեղի պիտի ունենայ ծնունդով Վանաձորէն նկարչուհի Լուսին Գինոսեանի կտաւներու անհատական ցուցահանդէսը, որ կը կրէ «Երազներ» խորագիրը։ Մինչ ցուցահանդէսը «Զարթօնք»-ը զրուցեց Լուսինի հետ՝ նպատակ ունենալով նկարչուհին ծանօթացնելու ընթերցողներուն։

Հ-Լուսին, շնորհակալ եմ հարցազրոյցի հրաւէրը չմերժելու համար: Ներկայացուցէք, թէ ո՞վ է Լուսին Գինոսեանը։ Քանի՞ տարեկանին սկսած էք ստեղծագործել, ի՞նչ ժանրերու մէջ։

Պ-Կը ստեղծագործեմ դեռ վաղ հասակէն, սկսած դպրոցական տարիներէն։ Վերջին  շրջանին կը ստեղծագործեմ գլխաւորաբար արտայայտչապաշտական)ժանրի մէջ։ Վաղ հասակիս դեռ որոշակի ուղղուածութիւն չկար նկարչութեանս մէջ, աւելի շատ կը սորվէի նկարել, գրագէտ նկարչութիւն։ Երբ ուսումնառութիւնս աւարտեցի որոշ ժամանակ ետք գտայ, թէ որ ժանրները աւելի հոգեհարազատ են ինծի համար, չնայած, չեմ ձգտիր հետեւիլ որոշակի ժանրի։

ՀՆկարիչ կը ծնի՞ն, թէ’ կը դառնան։ Այս հարցի պատասխանը շատերու համար հակասական է։ Ի՞նչ է Ձեր կարծիքը։

Պ-Կը կարծեմ տաղանդով պէտք ծնիլ։ Իրականութեան մէջ, նկարիչ կրնան դառնալ բոլորը, եթէ կը խօսինք հմտութեան մասին, իսկ ստեղծագործող նկարիչ շատ քիչերը կը դառնան, գլխաւորաբար այն մարդիկ, որոնք իրականութեան մէջ ունին այդ տաղանդը, արուեստի մէջ ըսելիք ունին, միտք ունին։ Ցանկութեան պարագային հնարաւոր է դառնալ նկարիչ, նկարել, տիրապետել նկարչութեան սկզբունքներուն ու հիմունքներուն, բայց կը կրկնեմ, ստեղծագործել, հոգեվիճակ տալ ոչ բոլորը կրնան։ Նկարելը ստեղծագործելէն շատ կը տարբերի։ Կան շատ լաւ նկարողներ, ովքեր չեն կրնար ստեղծագործել ու կան հակառակը՝ շատ լաւ ստեղծագործողները չեն ունենար թեքնիք հմտութիւն, քանի որ խնդիր այն է, թէ դուն ի՞նչ կ’ուզես տալ քու նկարներովդ։ Եթէ դուն կ’ուզես տալ զգացողութիւններ, շատ ժամանակ նկարելու կարողութիւնը կը դրուի մէկ կողմ։

ՀԽօսինք անհատական ցուցահանդէսներու մասին եւ մասնաւորապէս յառաջիկայ «Երազներ» խորագիրով ցուցահանդէսի մասին։ Ձեր ստեղծագործական կեանքի մէջ քանի՞ անհատական ցուցահանդէս ունեցած էք ։

Պ-Խմբային ցուցահանդէսներու շատ մասնակցած եմ, դեռ ուսանողական տարիներէն։ Անհատական առաջին ցուցահանդէսս եղած է 2015 թուականին,  նոյն տարին տեղի ունեցած է երկրորդը։ Յառաջիկայ Յունիս 2-ին սպասուող ցուցահանդէսս որոշակի դադարէ մը ետք կու գայ: Քանի մը տարի անհատապէս չեմ ներկայացած ու կարծեմ՝ հաւաքած եմ բաւական նկարներ, ըսելիք ունիմ եւ կրնամ անհատական ցուցահանդէս ունենալ։

ՀԻն՞չ նոր աշխատանքներ ունինք, Յունիս 2-ին ցուցադրելու NOVA ARTS Gallery & Wine-ի մէջ, ձեր արուեստին հետեւողները ի՞նչ նորութիւններ տեսնելու հնարաւորութիւն պիտի ունենան։

Պ-Պիտի ներկայանամ 26 կտաւով, բոլորը մեծ չափի կտաւներ են եւ կատարուած են վերջին շրջանին։ Կան նաեւ մի քանի տարի առաջ կատարուած նկարներ եւս, որոնք ցուցադրուած են նախորդ ցուցահանդէսներու ժամանակ։ Կարծեմ՝ տարբերութիւնը կը զգացուի։

ՀԻնչո՞վ կառանձնանայ այս ցուցահանդէսը նախորդներէն։

Պ-Ճիշտ է՝ ամէն անգամ ցուցահանդէսներէն առաջ նոյն զգացողութիւններն են, բայց ասիկա կ’առանձնանայ նախորդներէն։ Այս անգամ  նոր ըսելիքներ կան: Կայ նոր խօսք։

ՀՀետաքրքրական է՝ ինչպէ՞ս կը վերաբերիք Ձեր հասցէին հնչող քննադատութիւններուն։

Պ-Եթէ կտաւներս դիտողը մանագէտ է, ինծի համար բնականաբար ատիկա քննադատութիւն չէ, այլ լաւագոյն բանը, որ կրնան ինծի ըսել։ Եթէ զգամ, որ որեւէ տեղ թերացած եմ իմ ըրածիս մէջ, բնականաբար ատիկա կ’ընդունիմ որպէս խորհուրդ։ Մասնագէտը երբեք չի քննադատեր, մասնագէտը խորհուրդ կու տայ, թէ ինչպէս կարելի է ընել։ Իսկ մնացած քննադատութիւններուն նորմալ կը վերաբերիմ։ Գլխաւորաբար անոնք կ’ըլլան նկարներու թեմայի հետ կապուած։ Ուրիշ քննադատութիւններու հետ չեմ առնչուած։

ՀՁեր կարծիքով Հայաստանի մէջ նկարչութիւնը զարգացա՞ծ է, երիտասարդ նկարիչները ի՞նչ խոչընդոտներու կը հանդիպին։

Պ-Արուեստը Հայաստանի մէջ շատ թերի տեղեր ունի ու չկայ այն հարթակը, ուր արուեստը կրնայ զարգանալ։ Երբ կը ստեղծուին նոր պատկերասրահներ, հնարաւորութիւն կու տան նոր ստեղծագործողներուն իրենց աշխատանքները ներկայացնել։ Իսկ Հայաստանի մէջ զարգանալու եւ յառաջանալու համար դեռ շատ բան է հարկաւոր։ Օրինակ ինծի համար խոչընդոտներ չեն եղած, նոյնիսկ փոքր քաղաքի մէջ ստեղծագործելու առումով, բայց ստեղծագործութիւնները ներկայացնելու խնդիր միշտ կ’ունենամ, այսինքն՝ անիկա ներկայացնելու հարթակ պէտք է ըլլայ։ Արուեստագէտը պէտք է շատ ճամբորդէ ու շփուի այլ  արուեստագէտներու հետ եւս, քանի որ միայն այդ փորձն է, որ շատ կ’օգնէ յետագայ ստեղծագորխական կեանքին։ 

ՀԾրագիր ունի՞ք յառաջիկային Ձեր աշխատանքները Հայաստանի սահմաններէն դուրս ներկայացնելու։

-Այո’, արդէն գործընթացը սկսած է։ Հնարաւոր է Յունաստանի մէջ ցուցադրութիւն ունենամ։ Շատ չեմ ուզեր փակագիծերը բանալ, քանի դեռ գործընթացի սկզբնական փուլի մէջ ենք։ Այս ցուցահանդէսէն ետք մի քանի ամիս անց հնարաւոր կ’ըլլայ աւելի մանրամասն խօսիլ այդ մասին։

 

Շնորհակալ ենք հարցազրոյցի համար եւ կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։

 

Նկարչուհիին Մասին

Լուսինէ Գինոսեան ծնած է 1992 թ. Օգոստոս 15- ին Վանաձորի մէջ:

1999-2009 թուականներուն յաճախած է Վանաձորի Ա.Ս. Բուշկինի անուան թիւ 4 միջնակարգ դպրոց։ Նախնական մասնագիտական կրթութիւն ստացած է Ստեփան Աղաջանեանի անուան գեղարուեստի դպրոցէն։ 2009-2013 թուականներուն յաճախած է Վանաձորի պետական մանկավարժական հիմնարկի կերպարուեստ եւ գծագրութիւն բաժինը:

2007 թուականին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ արժանացած է առաջին կարգի մրցանակի: 2005 թուականին նկարչուհիի աշխատանքները տպագրուած են Կալուգայի մէջ լոյս տեսնող «Գործարար» ամսագրի մէջ:

2007 թուականին Վանաձորի Երկրապահ կամաւորականներու միութեան կողմէն պարգեւատրուած է առաջին կարգի մրցանակով եւ պատուոգրով:

2014 թուականի Օգոստոս 12-ին մասնակցած է Ստեփանակերտի պատկերասրահի մէջ բացուած հանրապետական ցուցահանդէսին:

2015 թուականի Յունուար 10-ին Վանաձորի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցած է նկարչուհիի «Ներաշխարհ» խորագիրը կրող առաջին անհատական ցուցահանդէսը։

Նկարչուհիի երկրորդ՝ «Դիմագծեր» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է կրկին Վանաձորի մէջ 2015 թուականի Հոկտեմբեր 25-ին։

Լուսին Գինոսեանը Երեւանի մէջ եւս անհատական ցուցահանդէս ունեցած է։

Շուրջ երեք տարի զբաղած է գծանկարային շարժապատկերներով, նկարազարդած է նման 4 մանկական շարժապատկեր եւ մէկ գովազդ։ Նկարչուհին կը զբաղի նաեւ մանկական գիրքերու նկարազարդմամբ:

2017 թուականին մասնակցած է «Art Fest» միջազգային երիտասարդական փառատօնին:

Լուսին Գինոսեանը 2012-էն առ այսօր կը մասնակցի Վանաձորի կերպարուեստի թանգարանի կողմէ կազմակերպուող ամենամեայ աւանդական ցուցահանդէսներուն:

2018-էն կը հանդիսանայ Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին