Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Զրոյց՝ իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանի հետ Լիբանանի խորհրդարանի հայ երեսփոխաններուն նուիրուած երկհատոր հրատարակութեան առիթով

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Սփիւռքը հարուստ է նուիրեալներով, որոնք իրենց սեփական-ընտանեկան կեանքին ու ասպարէզին կողքին կ՚ապրին հայութեան յաջողութիւններով ու ցաւերով. անոնց մէկ ներկայացուցիչն է լիբանանահայ մտաւորական, իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեան։ Վերջերս, օգտուելով անոր Լոս Անճելըս կատարած այցելութենէն, ՆՈՐ ՕՐ զրուցեց յարգելի հիւրին հետ, որուն տուն տուող պատճառը մեր գրասեղանին բազմած երկհատոր հրատարակութիւնն է՝ “On the Record: Armenian Deputies in the Lebanese Parliaments”. հատոր Ա.՝ 1922-1972 եւ հատոր Բ.՝ 1972-2017։

11 Ապրիլ 2019-ին, Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի դահլիճին մէջ իրաւաբան Աւշարեան ներկայացուց այս երկու հատորները, կազմակերպութեամբ Նորթրիճի համալսարանի (CSUN) Հայագիտական բաժինին եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին, որուն կողմէ հրատարակուած են վերոյիշեալ երկու հատորները։  

Ռուբէն Աւշարեան յաճախած եւ շրջանաւարտ է Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններէն. երկու տարի Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը (AUB) ուսանելէ ետք, անցած է Քալիֆորնիա։ Լա Վերնի համալսարանէն ստացած է Քաղաքական գիտութիւններու վկայական։ Մագիստրոսի աստիճանին տիրացած է Չարլսթընի (Վիրճինիա) American Military University-էն՝ խորանալով ազգային անվտանգութեան հարցերու մէջ։

Իսկ Ֆուլըրթընի  Western State University College of Law համալսարանէն, Քալիֆորնիա, տիրացած է փաստաբանութեան դոկտորական աստիճանին (Juris Doctor)։

Ներկայիս կը գործակցի Tribonian Law Advisors-ի հետ, որ կեդրոններ ունի Պէյրութի, Տուպայի եւ Ռիատի մէջ։

Ան անմասն չի մնար սփիւռքահայ գաղութներու հասարակական կեանքէն։

Կը շնորհաւորենք իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանը օգտաշատ այս զոյգ հրատարակութիւններուն առիթով եւ ընթերցողներուն կը ներկայացնենք շահեկան մեր զրոյցէն պատառիկներ։

Շուրջ տասնհինգ տարի առաջ, Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական բաժանմունքի վարիչ Դոկտ. Արա Սանճեան առաջին գիտաժողովը կազմակերպեց լիբանանահայութեան մասին։ Հրաւէր ուղարկած էր տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անհատներու եւ առաջարկած ինծի, որպէսզի ներկայանամ լիբանանահայութիւնը Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ նիւթով։ Այդ օրերուն ես հետաքրքրուած էի Թաէֆի համաձայնութեամբ, թէ լիբանանահայութիւնը ի՞նչ դեր խաղաց այդ համաձայնութեան մէջ։ Այդ աշխատանքս  Հայկազեան համալսարանը տպագրած էր 2009-ին, Դոկտ. Այտա Պուճիգանեանի խմբագրութեամբ։ Հոնկէ սկսաւ հետաքրքրութիւնս խորանալ Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ հայ երեսփոխաններու (պատգամաւորներու) գործունէութեան մասին։ Որքան կը խորանայի, այդքան աւելի հետաքրքրական կը դառնար ուսումնասիրութիւնս։

Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի վարիչ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան կազմակերպեց երկրորդ սեմինար մը լիբանանահայութեան մասին, 2014 թուականին, ես դարձեալ հրաւիրուեցայ մասնակցելու։ Եւ ընտրեցի Լիբանանի հայ երեսփոխաններու գործունէութիւնը Լիբանանի խորհրդարանին մէջ։ Ոմանք վերապահութիւն յայտնեցին, թէ ի՞նչ նիւթ կարելի է հաւաքել եւ ներկայացնել, մանաւանդ որ այդ մասին Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը գրած է։ Նշեմ, թէ ան գրած է ընտրապայքարներուն մասին։ Ընտրութիւններէն ամիսներ առաջ ինչպիսի՞ ընտրապայքար մղած են հայ թեկնածուները 1930-ական թուականներէն առ 2009 թուականը։ Իսկ թէ ի՞նչ գործունէութիւն կատարած են երեսփոխանները Խորհրդարանին մէջ, այդ մէկը դարձաւ տարիներու իմ աշխատանքս։ Երեւան եկաւ, թէ ահագին գործ կատարած են լիբանանահայ երեսփոխանները։

Գրադարանը Խորհրդարանի շէնքին նկուղն է՝ երկու յարկ վար, ուր կը գտնուի նաեւ արխիւը։ Բոլոր արխիւները բացի եւ հոն կատարեցի ուսումնասիրութիւններս… ութը տարի շարունակ, թէ՛ Լիբանանի երեսփոխանական ժողովի ատենագրութիւնները եւ թէ՛ պետական պաշտօնական թերթերը ծայրէ ծայր կարդալով եւ արձանագրելով՝ 1922 թուականէն մինչեւ օրս։ Պարզուեցաւ, թէ լիբանանահայ երեսփոխանները որքան մեծ աշխատանք կատարած են։

1923-ի Լոզանի դաշնագիրով պարտադրուեցաւ, որ  նորահռչակ Մեծն Լիբանանի տարածքին վրայ գտնուող բոլոր անհատները լիբանանեան հպատակութիւն ստանան։ Այն հայերը, որոնք Լիբանան մտած էին Հոկտեմբեր 1924-էն առաջ, ուղղակիօրէն ստացան Լիբանանի քաղաքացիութիւն, ինչպէս որ միւս համայնքները։ Ըլլալով փոքրամասնութիւն, 1924 թուականին հայերը չկրցան երեսփոխանական աթոռ ունենալ։ Սակայն, 1929-ին առաջին հայ երեսփոխանը կ՚ընտրուի փոքրամասնութեան աթոռէն՝ Ապտալլա Իսհաք անունով հայ կաթոլիկ մը։ Շատ յայտնի փաստաբան մը եղած է ան եւ մեծ աշխատանք տարած է խորհրդարանէն ներս մինչեւ 1932։ Այդ տարին քրիստոնեաներու եւ սիւննիներու միջեւ մեծամասնութեան հարց մը կը ծագի նախագահական ընտրութեան առթիւ։ Ֆրանսա կը լուծարէ խորհրդարանը, Սահմանադրութիւնը կը սառեցնէ եւ մարդահամար կը յայտարարէ։

1932-ին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած է երկրորդ եւ… վերջին մարդահամարը։ Այդտեղ հայերուն թիւը յստակացաւ. 26,000 հայ առաքելական կար եւ մօտաւորապէս  5,800 հայ կաթողիկէ։ Լիբանանի ամբողջ բնակչութիւնը՝ շուրջ 793,000։ Այդ թիւերուն հիման վրայ հայ առաքելականներուն կը տրուի մէկ աթոռ 25 հոգինոց խորհրդարանին մէջ եւ կ՚ընտրուի երկրաչափ Վահրամ Լէյլէքեան, որ ՀԲԸՄ-ի անդամ էր եւ Հնչակեաններու կողմէ յառաջադրուած։ Ան ներկայացուցած է բազմաթիւ օրէնքներ, գլխաւորաբար շէնքերու օրինագիծեր (building codes)։ Ինքն է որ առաջարկած եւ իրականութիւն դարձուցած է Պէյրութ-Թրիփոլի մայրուղին։ Լէյլէքեան լիբանանեան պատուիրակութեան հետ Ֆրանսա գացած է, որպէսզի կարողանան անկախանալ։

Յաջորդ ընտրութիւններուն Լէյլէքեանին կողքին ՀՅԴ կը նշանակէ Խոսրով Թիւթիւնճեանը։ Կը սկսի Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը եւ Ֆրանսա անգամ մը եւս կը լուծարէ խորհրդարանը եւ նախագահը ազատ կ՚արձակէ իր պաշտօնէն։

Լիբանանի անկախութենէն ետք, 1943, հետաքրքրական դէմք մը Մովսէս Տէր Գալուստեանն է։ Վերջերս անոր նուիրուած գիրք մը լոյս տեսաւ։

Գլխաւոր դերակատարներէն եղած է Տիգրան Թոսպաթը։ Ան առաջին հայ երեսփոխանն էր Պուրճ Համուտէն։ Հնչակեան կուսակցութեան թեկնածուն եղած է ան։ Խորհրդարան մտնելուն երկրորդ օրը ճակատ կազմած է իր գործընկերներուն հետ՝ Քամիլ Շամուն, Քամալ Ճոմպլաթ, Ղասսան Թուէյնի. ասոնք պարտադրած են, որ երկրին նախագահ Պշարա Խուրի հրաժարի եւ ան հրաժարած է յաջորդ օրը։

Բայց հիմնական կարեւոր դէմքը Լիբանանի խորհրդարանի պատմութեան մէջ ընդհանրապէս, եղած է հայ կաթողիկէ համայնքէն Ժոզէֆ Շատէրը։ Այդ ժամանակ Փաղանգաւորներու կուսակցութեան փոխնախագահն էր ան։ Իր ելոյթները հայերու անունէն կ՚արտասանէր։ Մեծ ներդրում ունեցած  օրէնքներու մշակումին մէջ, որոնց մեծամասնութիւնը իր օրով գրուած-հաստատուած են։

Միւս տիտանը  Խաչիկ Պապիկեանն է։ Ան կ՚ընտրուի 1957-ին եւ կը մնայ մինչեւ 1999 թուականը, իր մահը։ Ղեկավարած է հայ երեսփոխաններու Հայկական պլոքը։ Իրականութիւն է, որ Խաչիկ Պապիկեանին ներկայութեան խորհրդարանին մէջ միւս հայ երեսփոխանները գրեթէ ելոյթ չեն ունեցած. օրինակ՝ Անտրէ Թապուրեան (1964-1972 խորհրդարանի անդամ), Սուրէն Խանամիրեան (1960-1996), Մելքոն Էպլիղաթեան (1972-1992), Անդրանիկ Մանուկեան (1972-1992)։ Սակայն, երբ մօտենանք հարցին այնպէս, որ «Պլոք»ին գլխաւորը կը խօսի, Խաչիկ Պապիկեանն է որ առած է միշտ ձայն։ Արա Երեւանեան, միւս կողմէ, երկու անգամ ելոյթ ունեցած է խորհրդարանի նիստի ընթացքին։

Մօտենանք յարաբերաբար նոր շրջաններուն։ Ճորճ Գասարճին ամէն առիթով նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիին դէմ ելոյթ ունեցած է։ Ան Զահլէի շրջանէն առաջին հայ երեսփոխանն է։ Այդ աթոռը հաստատուած է Թաէֆի ժողովին։

 Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան (1992-2009) եւ Սեպուհ Գալփաքեան մէկական անգամ ելոյթ ունեցած են։  Սեպուհ Յովնանեան եւ Շահէ Պարսումեան՝ ոչ մէկ անգամ, ինչպէս նաեւ Զահլէէն՝ Շանթ Չինչինեանը։ Աբրահամ Տէտէեան (հայ աւետարանական աթոռ), Ժաք Չուխատարեան (հայ կաթողիկէ), Յակոբ Գասարճեան, Ժան Յովասափեան, Սերժ Թուրսարգիսեան (հայ կաթողիկէ) ունեցած են ելոյթներ։

***

Լիբանանահայութեան ներդրումը այսօր նոյնպէս մեծ է ե՛ւ Լիբանանի մէջ, ե՛ւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի տարածքին։ Այս կէտը նոյնպէս ուսումնասիրելու եւ ներկայացնելու կարիքը ունի։ Միայն հոս՝ Լոս Անճելըսի մէջ, Լիբանանի ծնունդ մեր հայրենակիցները հսկայական աշխատանք տարած են եւ կը տանին Քալիֆորնիոյ քաղաքական թէ հասարակական բազմաթիւ ոլորտներէ ներս, որ կարիքը ունի լուրջ ուսումնասիրութեան։

Անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանը, անոր երկհատոր այս մեծարժէք եւ մնայուն աշխատասիրութեան առիթով։

Զրուցեց՝

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին