«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ լիազօր դեսպանը իբրեւ միջնորդ կողմ զգուշացուց լիբանանա-իսրայէլական սահմանի բանակցութիւններուն գծով չափազանց լաւատես ըլլալէն։
Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով ԱՄՆ պետական քարտուղարի պաշտօնակատար Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ կոչ ըրաւ երկու կողմերուն «յոյս ունենալ», սակայն նախազգուշացուց «չափազանցուած լաւատեսութենէն, քանի որ յառաջընթաց չի նշանակեր, որ մենք հասած ենք համաձայնութեան մը»:
Վերջին քանի մը շաբաթներուն, Սաթըրֆիլտ զբաղած էր երկու երկիրներուն միջեւ մաքսային դիւանագիտութեան առաքելութեամբ՝ ջանքեր ներդնելով ծովային եւ հողային սահմանները պաշտօնապէս սահմանելու համար: Ներկայիս հողային սահմանին վրայ առկայ է 13 վիճելի կէտ եւ կը վիճարկուի շուրջ 856 քառակուսի քլմ ջրային տարածք:
Վերջին տարիներուն ծովային սահմանազատման հարցը արձանագրած է մեծ առաջընթաց, քանի որ Լիբանան Միջերկրական ծովուն մէջ կը սկսի կազի եւ քարիւղի հետախուզման նախագիծ իրականացնել: Աղբիւրին համաձայն՝ ծովային սահմաններուն հարցը կը մնայ աւելի բարդ, քան հողային սահմաններունը:
Թէեւ երկու երկիրներուն միջեւ որոշ հարցերու շուրջ համաձայնութիւն եղած է, այնուամենայնիւ Իսրայէլը ունի որոշ հարցեր, որոնք կը պահանջեն քննարկումներ, ինչպէս` ԱՄՆ-ի, այլ ոչ թէ ՄԱԿ-ի կողմէ բանակցութիւնները ղեկավարելը:
Սաթըրֆիլտ, որ Չորեքշաբթի գիշեր մեկնեցաւ Լիբանանէն, պիտի վերադառնայ, երբ Իսրայէլի կողմէ պատասխան ստանայ Լիբանանի վերջին առաջարկներուն վերաբերեալ:






