«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծը հասաւ Պէյրութի Նիժմէ հրապարակին վրայ գտնուող խորհրդարանի շէնք, որ յաջորդ շաբթուան սկիզբը կը դրուի օրէնսդիրներու քննարկման։ Այս մասին, ըստ The Daily Star-ի, կը յայտնեն պետական լրատուամիջոցները։
Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, թէ Ելեւմտական եւ պիւտճէի կոմիտէին կողմէ պիւտճէին վերաբերեալ բանակցութիւնները պիտի սկսին Երկուշաբթի:
Առաջին նիստէն ետք՝ օրէնսդիրները դադար պիտի առնեն Մահմետական տօնին առիթով, այնուհետեւ պիտի շարունակեն զայն, որպէսզի հնարաւորինս արագ փոխանցուի պիւտճէն:
Նշենք, որ նախագահ Միշէլ Աուն Երկուշաբթի օր հաստատեց պիւտճէն՝ կառավարութեան 20 նիստերու քննարկումներէն ետք։ Հաստատուած պիւտճէին շնորհիւ պակասուրդը Համախառն ներքին արդիւնքի 11.5 տոկոսէն պիտի նուազի՝ կազմելով 7.5 տոկոս։






