Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Հայերը Գիտաժողովը Ընթացք Առաւ

Պատմամշակութային Արձագանգ 

Հայկազեան Համալսարան  Հայկական Սփիւռքի

 Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

Երէկ, 30 Մայիս 2019ի առաւօտեան ժամը 9ին, Հայկազեան Համալասարանի հանդիսասրահին մէջ  սկիզբ առաւ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած «Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Հայերը» երկօրեայ  գիտաժողովը, ներկայութեամբ Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Մ. Թագաւորութենէն,  Ֆրանսայէն, Մ. Նահանգներէն, Սուրիայէն, Հայաստանէն, Լիբանանէն մասնակցող հայ եւ օտար 29 մասնագէտներու եւ փորձագէտներու:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Հայկազեան Համալսարանի նախագահ, Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայկազեան Համալսարանի ծաւալած հայագիտական գործունէութեան, մատնանշեց որ այս գիտաժողովը ութերորդն է Կեդրոնի կազմակերպած գիտաժողովներու շարքին եւ կատարեց խորհրդածութիւններ: Ապա ընթերցուեցաւ կիպրահայ համայնքի ներկայացուցիչ տիար Վարդգէս Մահտէսեանի ողջոյնի գիրը՝ գիտաժողովին առթիւ, որմէ ետք հիւր բանախօս Դոկտ. Սուզըն Փեթի կատարեց Յունաստանի եւ Կիպրոսի հայօճախներուն վերջին հարիւրամեակի ընկերամշակութային, գոյութենական եւ ինքնութենական համառօտ քննական պատումը:

Այնուհետեւ, օրուան տեւողութեան, կայացան երեք նիստեր, ուր ներկայացուեցան 16 զեկոյցներ: Առաջին երկու նիստերը նուիրուած էին Յունաստանին, իսկ երրորդը՝ Կիպրոսին:

Գիտաժողովի առաջին օրուան աւարտէն ետք, երեկոյեան ժամը 7:30ին, տեղի ունեցաւ զրոյց՝ Յունաստանի եւ Կիպրոսի այժմու մարտահրաւէրներուն մասին, մասնակցութեամբ Տոքթ. Անդրանիկ Աշճեանի (Կիպրոսէն) եւ Յովիկ Գասապեանի (Յունաստանէն):

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին