Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Պիւտճէի Նախագիծը Խորհրդարան Հասաւ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծը հասաւ Պէյրութի Նիժմէ հրապարակին վրայ գտնուող խորհրդարանի շէնք, որ յաջորդ շաբթուան սկիզբը կը դրուի օրէնսդիրներու քննարկման։ Այս մասին, ըստ The Daily Star-ի, կը յայտնեն պետական ​​լրատուամիջոցները։

Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, թէ Ելեւմտական եւ պիւտճէի կոմիտէին կողմէ պիւտճէին վերաբերեալ բանակցութիւնները պիտի սկսին Երկուշաբթի:

Առաջին նիստէն ետք՝ օրէնսդիրները դադար պիտի առնեն Մահմետական տօնին առիթով, այնուհետեւ պիտի շարունակեն զայն, որպէսզի հնարաւորինս արագ փոխանցուի պիւտճէն:

Նշենք, որ նախագահ Միշէլ Աուն Երկուշաբթի օր հաստատեց պիւտճէն՝ կառավարութեան 20 նիստերու քննարկումներէն ետք։ Հաստատուած պիւտճէին շնորհիւ պակասուրդը Համախառն ներքին արդիւնքի 11.5 տոկոսէն պիտի նուազի՝ կազմելով 7.5 տոկոս։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին