Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի Մէջ Կիներու Միջին Աշխատավարձը 32.5 Տոկոսվ Ցած Է Տղամարդոց Աշխատավարձէն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կիները միջին հաշիւով 32.5 տոկոսվ նուազ աշխատավարձ կը ստանան քան տղամարդիկ, կը հաղորդէ “Փանարմինիըն”։

«Աշխատանքի շուկան Հայաստանի Հանրապետութիւնում մէջ, 2018» հրապարակման համաձայն՝ եկամուտներու մասով տարբերութիւնը շատ աւելի մեծ է եւ կը հասնի 40 տոկոսի, թէեւ աշխատող կիներուն 57.9 տոկոսը, իսկ տղամարդոց՝ 47 տոկոսը ունին բարձրագոյն կամ միջին մասնագիտական կրթութիւն:

Ղեկավար պաշտօններու վրայ գտնուող տղամարդոց թիւը 2.4 անգամ աւելի է քան կանանց թիւը:

Ազգային ժողովի կազմի մէջ կին պատգամաւորները 25 տոկոս կը կազմեն, Հայաստանի 500 համայնքներէն միայն 8-ը ունի կին ղեկավար, կառավարութեան կազմի 12 նախարարներէն միայն մէկը կին է, փոխնախարարներու պարագային կիները 3.5 տոկոս կը կազմեն եւ ոչ մէկ կին մարզպետի պաշտօնի վրայ է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին