Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

ԵԱՏՄ-ն Նոր Հնարաւորութիւններ Կը Բանայ Անդամ Երկիրներու Գործարարութեան եւ Տնտեսութեան Համար. Նիկոլ Փաշինեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ ունեցած է Նուր-Սուլթանի մէջ մեկնարկած Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստի ընթացքին:

Ինչպէս կը հաղորդէ վարչապետի մամուլի վարչութիւնը, Փաշինեան ընդգծած է, որ իրեն համար մեծ պատիւ է նախագահել Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդը:

«Պէտք է նշել, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը երթալով կը զարգանայ` նոր հնարաւորութիւններ բանալով մեր երկիրներու գործարարութեան եւ տնտեսութեան համար»,- ըսած է ան:

Անոր խօսքով` կ՛ընդլայնուի նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջազգային գործընկերներու շրջանակը: «Հիմա արդէն ուժի մէջ պիտի մտնէ Իրանի հետ ազատ առեւտուրի մասին պայմանագիրը, արդէն ստորագրուած են տեղեկատւութեան փոխանակման պայմանագիրներ Չինաստանի, Վիեթնամի, բուռն բանակցութիւններ կ՛ընթանան Սինկափուրի, Եգիպտոսի, Սերպիոյ հետ: Ես յոյս ունիմ, որ այդ բանակցութիւնները պիտի յանգեցնեն յստակ արդիւնքներու`  նոր հնարաւորութիւններ բանալով մեր երկիրներու գործարարութեան եւ տնտեսութեան համար»,- նշած է Փաշինեան:

Ան ընդգծած է Ղազախստանի առաջին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի դերակատարումը` համարկումի այս նախագծի ստեղծման հարցով: «25 տարի առաջ Նուրսուլթան Ապիշեւիչը առաջարկած է Եւրասիական համարկումի գաղափարը եւ 5 տարի առաջ անիկա կեանքի կոչուած է: Հայաստանի կառավարութեան նպատակն է աշխատիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան յետագայ զարգացման ուղղութեամբ, դարձնել զայն աւելի արդիւնաւէտ եւ աւելի գրաւիչ մեր միջազգային գործընկերներուն համար: Ես վստահ եմ, որ այսօր մեր որոշումները պիտի նպաստեն զարգացման»,- ընդգծած է վարչապետ Փաշինեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին