«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Վարչապետ Նեպիհ Պըրրի տեղական լրատուամիջոցներուն յայտնեց, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը՝ 2019-ի պիւտճէի ընդունումէն ետք՝ պէտք է «արտակարգ դրութիւն» յայտարարէ, որպէսզի հնարաւորինս շուտ իրականացուին բարեփոխումները։ Այս մասին կը յայտնէ The Daily Star-ը։
«Պիւտճէի ընդունումէն ետք կառավարութիւնը պէտք է դիմէ վերանորոգման, որ կը պահանջէ արտակարգ դրութեան յայտարարագիր»,- ըսաւ Պըրրի:
Պըրրիին մօտ գտնուող այլ աղբիւր մը յայտնեց, որ անոր արտայայտութիւնը ունի փոխաբերական իմաստ եւ կը միտի կառավարութեան աշխատանքը արագացնել, ոչ թէ իրական արտակարգ դրութիւն յայտարարել։
Ըստ Պըրրիի՝ Լիբանանի ելեկտրականութեան ոլորտի վերակենդանացման եւ թափօններու կառավարման հարցի լուծման նպատակով կառավարութեան կողմէն հաստատուած ծրագիրը իրականացնելը նախագիծերէն ընդամէնը երկուքն են, որոնք պէտք է առաջնահերթ դառնան պիւտճէի ընդունումէն ետք:
Երկուշաբթի օր նախագահ Միշէլ Աուն անդրադարձած էր կառավարութեան կողմէ հաստատուած պիւտճէի նախագիծին `քննարկելու եւ վաւերացնելու համար, իսկ Երեքշաբթի ան ստորագրած է հրամանագիր մը, որ խորհրդարանին պիտի արտօնէ բացառիկ նիստեր իրականացնել Յունիս 1-Հոկտեմբեր 21 երկարող ժամանակահատուածին` քննարկելու այդ փաստաթուղթը:
Պըրրի գոհունակութիւն յայտնեց պիւտճէի վաւերացման համար, որ պակասուրդը կրճատեց համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 11.5-էն մինչեւ 7.59 տոկոս: Այնուամենայնիւ, ան ըսաւ. «Ատիկա ձեռք բերուած նուաճում մըն է»:






