«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն ստորագրած է հրամանագիր մը, ուր խորհրդարանին կ’արտօնէ բացառիկ նիստեր իրականացնել Յունիս 1-Հոկտեմբեր 21 երկարող ժամանակահատուածին՝ վաւերացնելու համար 2019-ի պետական պիւտճէին նախագիծը:
Բացառիկ նստաշրջանները առիթ պիտի տան խորհրդարանին քննարկելու պիւտճէի նախագիծը, զոր կառավարութիւնը հաստատեց անցեալ Երկուշաբթի։ Այս մասին կը տեղեկացնէ նախագահի գրասենեակը:
Խորհրդարանը տարեկան կ’իրականացնէ երկու հերթական նստաշրջան` Մարտի երրորդ շաբաթէն մինչեւ Մայիսի վերջ եւ Հոկտեմբերի վերջէն մինչեւ Դեկտեմբերի վերջը:
Կ’ակնկալուի, որ խորհրդարանի ելեւմուտքի եւ պիւտճէի կոմիտէն քննարկէ պիւտճէի նախագիծը, հաստատէ զայն, այնուհետեւ ներկայացնէ Գլխաւոր ասամպլէային:
Արտահերթ նիստին ընթացքին խորհրդարանը պիտի քննարկէ նաեւ այլ օրէնքներու նախագիծեր, որոնք արդէն իսկ կը գտնուին Գլխաւոր ասամպլէայի մօտ:
Նախագահի գրասենեակը յայտարարեց, որ Աունի որոշումը ստորագրելը իրականացած է խորհրդարանի խօսնակ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ քննարկումներէ ետք: Ըստ Պըրրիի՝ խորհրդարանին անհրաժեշտ է մէկ ամիս ժամանակ, վաւերացնելու համար կառավարութեան կողմէ հաստատուած պիւտճէի նախագիծը:






