Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

Աուն Պիւտճէի Համար Արտահերթ Նիստ Գումարելու Կոչ Կ’ընէ Խորհրդարանին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն ստորագրած է հրամանագիր մը, ուր խորհրդարանին կ’արտօնէ բացառիկ նիստեր իրականացնել Յունիս 1-Հոկտեմբեր 21 երկարող ժամանակահատուածին՝ վաւերացնելու համար 2019-ի պետական ​պիւտճէին նախագիծը:

Բացառիկ նստաշրջանները առիթ պիտի տան խորհրդարանին քննարկելու պիւտճէի նախագիծը, զոր կառավարութիւնը հաստատեց անցեալ Երկուշաբթի։ Այս մասին կը տեղեկացնէ նախագահի գրասենեակը:

Խորհրդարանը տարեկան կ’իրականացնէ երկու հերթական նստաշրջան` Մարտի երրորդ շաբաթէն մինչեւ Մայիսի վերջ եւ Հոկտեմբերի վերջէն մինչեւ Դեկտեմբերի վերջը:

Կ’ակնկալուի, որ խորհրդարանի ելեւմուտքի եւ պիւտճէի կոմիտէն քննարկէ պիւտճէի նախագիծը, հաստատէ զայն, այնուհետեւ ներկայացնէ Գլխաւոր ասամպլէային:

Արտահերթ նիստին ընթացքին խորհրդարանը պիտի քննարկէ նաեւ այլ օրէնքներու նախագիծեր, որոնք արդէն իսկ կը գտնուին Գլխաւոր ասամպլէայի մօտ:

Նախագահի գրասենեակը յայտարարեց, որ Աունի որոշումը ստորագրելը իրականացած է խորհրդարանի խօսնակ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ քննարկումներէ ետք: Ըստ Պըրրիի՝ խորհրդարանին անհրաժեշտ է մէկ ամիս ժամանակ, վաւերացնելու համար կառավարութեան կողմէ հաստատուած պիւտճէի նախագիծը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին