Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման Տօնը

ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի շնորհաբաշխ հանգրուանները, Եկեղեցին ժողովուրդին մէջ բերած ու մատուցած է եկեղեցական տօներով։ Իւրաքանչիւր տօն փունջ մըն է, աղօթքներու, շարականներու, սաղմոսասացութիւններու, ծէսի եւ քարոզի։ Եկեղեցական տօներու արտայայտութեան առընթեր, ժողովուրդը զարգացուցած է ժողովրդական սովորութիւններ, որոնք ծանօթ են մեզի աւանդութիւն անուանումով։

           

Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պատահեցաւ Համբարձումը

Յիսուսի սուրբ Յարութեան տօնէն քառասուն օրեր ետք, համաձայն Ղուկաս Աւետարանիչին, Յիսուս Առաքեալներուն իր վերջին խօսքերը կ՚ըսէ, կը յուսադրէ ու կը բաժնուի իրենցմէ, համբառնալով առ յերկինս։ Նոյնպէս Հայ Եկեղեցին, Յիսուսի Յարութեան տօնէն քառասուն օրեր ետք, կը տօնէ Յիսուսի Համբարձման տօնը, որ միշտ կը զուգադիպի շաբթուան Հինգշաբթի օրը։

 Յիսուսի առաքեալները ականատես ըլլալէ եւ ապրելէ ետք Յիսուսի, չարչարալից խաչելութիւնը, թաղումը, Յարութիւնն ու յետ-Յարութեան հանդիպումները, այս անգամ անոնք պէտք է պատրաստուէին բաժնուելու իրենց Ուսուցիչէն։ Երբ կ՚ընթերցենք Յիսուսի կեանքը, նա մանաւանդ երկրաւոր կեանքի վերջին օրերը, զգալիօրէն կը նկատենք, թէ ինչպէս Յիսուս իր աշակերտները կը պատրաստէ ու ամուր հիմերու վրայ կը դնէ զիրենք, որպէսզի կարենան իրենց առաքելութիւնը շարունակել առանց իրենց Ուսուցիչին անմիջական ներկայութեան։ Յիսուս, ոչ միայն վստահեցաւ Աստուծոյ արքայութեան տարածումը աշխարհի վրայ իր առաքեալներուն, այլեւ անոնց տուաւ ու սորվեցուց այն ինչ որ հարկաւոր էր իրենց համար։

 Յիսուս Յարութենէն ետք, քանի մը առիթներով փառաւորեալ մարմինով երեւցաւ իր աշակերտներուն, որոնց հետ ճաշեց ու խօսեցաւ, որպէսզի անոնց մէջ հաստատէ, որ ինք յարուցեալ Տէրն է եւ մահը ամբողջապէս պարտուած է։ Սակայն, Յիսուսին իրենց հետ ըլլալը, խօսիլն ու ուտելը, բնականաբար աշակերտներուն մէջ այդ հասկացողութիւնը կամ տպաւորութիւնը պիտի թողուր, որ Յիսուս պիտի շարունակէ իրենց հետ ըլլալ։ Անոնք պիտի շարունակէին ունենալ «աշակերտական» վստահութիւն իրենց Ուսուցիչին հանդէպ, որ առիթ պիտի չտար ինքնավստահ երթալու եւ քարոզելու Աստուծոյ փրկութիւնը։ Հետեւաբար, Յիսուս ուզեց անոնց աչքերուն առջեւ համբառնալ երկինք, խոստանալով, որ իրենց համար պիտի տրուի ուրիշ Մխիթարիչ (Ս. Հոգին) մը, որ զիրենք բնաւ առանձին պիտի չձգէ, այլ ընդհակառակը, պիտի տայ այն աստուածային ուժն ու շնորհքը, որ պիտի կարենան դիմագրաւել բոլոր տեսակի դժուարութիւնները իրենց առաքելութեան մէջ։

Յիսուս անոնց աչքերուն ընդառաջ երկինք բարձրացաւ, որուն ամպերը ծածկեցին, ինչպէս Աւետարանիչը կը նկարագրէ ու կը պատմէ: Յանկարծ, երկու սպիտակազգեստ հրեշտակներ կ՚երեւին եւ կ՚ըսեն. «Ո՛վ Գալիլեացիներ, ինչո՞ւ կեցեր երկինք կը դիտէք։ Այս Յիսուսը որ երկինք բարձրացաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս անոր երկինք երթալը տեսաք»։ (Գրծք Առ 1:11) Այլեւս ժամանակն էր, աշակերտներուն համար, որպէսզի իրենց առաքելութիւնը շարունակէին, միշտ յուսալով ու սպասելով Տիրոջ երկրորդ Գալուստին, Քրիստոսի թագաւորութեան, որ նոյն փառքով պիտի գայ։ Պէտք էր երկրաւոր սպասումները իրենց աչքերէն վերացնէին եւ փոխարինէին երկնայինով, որովհետեւ, անոնք տակաւին կը սպասէին Իսրայէլի թագաւորութեան վերականգնումը, ինչպէս իրենց խօսքին մէջ կ՚ակնարկէին նախքան Յիսուսի համբառնալը։

Հետաքրքրական է նկատի առնել, որ Յիսուսի ծնունդին ժամանակ, հրեշտակներն էին, որոնք աւետեցին հովիւներուն Փրկիչի ծնունդին մասին՝ «Փառք ի բարձունս» երգելով, այժմ, հրեշտակները կ՚աւետէին, որ Յիսուս նոյն փառքով երկինք բարձրացաւ Հօր Աստուծոյ աջ կողմը նստելու համար։ Ինչպէ՞ս աւետիս կը նկատուի Յիսուսին համբառնալը, երբ իրականութեան մէջ աշակերտները կը բաժնուէին իրենց Ուսուցիչէն։  Ճիշդ է, որ բաժանում մըն էր, սակայն անոնք ականատես եղան, որ Յիսուս փառքով վեր կը բարձրանայ, եւ նորէն պիտի գայ։ Այս մէկը, նոյնիսկ Աւետարանիչը կը վկայէ, երբ կ՚ըսէ. «…մեծ ուրախութեամբ վերադարձան Երուսաղէմ։ Ամէն օր տաճարին մէջ էին՝ գովելով ու օրհնաբանելով զԱստուած»։ (Ղկ 24:52-53)

Յիսուս աշակերտներուն կը պատուիրէ Երուսաղէմի մէջ մնալ, մինչեւ խոստացեալ Մխիթարիչին գալուստը։ Շատերուն համար, հարցական է, թէ ինչո՞ւ Յիսուս անմիջապէս չշնորհեց Ս. Հոգին, նախքան համբառնալը, այլ ուզեց որ անոնք սպասեն։ Ս. Ոսկեբերան հայրապետ կը բացատրէ, թէ անոնք պատրաստ չէին ստանալու Ս. Հոգին Քրիստոսի անմիջական ներկայութեան։ Անոնք պէտքը պիտի չզգային եւ պիտի չհասկնային, եթէ անմիջապէս Ս. Հոգին ստանային իբրեւ Մխիթարիչ եւ Առաջնորդող։ Այս մէկը նաեւ մեզի ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս Յիսուս ամէն ինչ բարի ժամանակին կը շնորհէ, այն ինչ որ պէտք է կամ՝ օգտակար մեզի համար։

Համբարձումը Եկեղեցւոյ Մէջ

Համբարձման տօնը, նկատուելով Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան կարեւոր հանգրուաններէն մէկը, կը կատարուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Բնականաբար, մեր եկեղեցւոյ հայրերը, հեղինակած ու մշակած են յատուկ շարականներ, որոնք կ՚երգուին նոյն օրուան Գիշերային եւ Առաւօտեան ժամերգութիւններուն ընթացքին։ Դպրաց դասը, մեծ ցնծութեամբ կ՚երգէ. «Համբարձաւ Տէրն մեր յերկինս՝ ասելով աշակերտացն. «Նստարո՛ւք ի քաղաքիդ Երուսաղէմ, մինչեւ զգենուցուք զօրութիւն ի բարձանց»» (Օրհնութիւն ԴՁ)։

 Այս տօնին եկեղեցական կարգին կամ աւանդութեան մաս կը կազմէ նաեւ «Անդաստան»ի արարողութիւնը։ «Անդաստան»ը այն արարողութիւնն է, որ նախագահող հոգեւորականը, եւ բոլոր հոգեւոր դասի ներկաները, եկեղեցիին կեդրոնը, իսկ երբեմն ալ բակին մէջ, կ՚օրհնեն աշխարհի չորս ծագերը՝ արեւելքը, արեւմուտքը, հիւսիսը եւ հարաւը։ Այս գեղեցիկ ծիսակատարութիւնը ձեւով մը մեզի կը յիշեցնէ, թէ ինչպէս Յիսուսի Համբարձումէն եւ Հոգեգալուստէն ետք, անոնք Երուսաղէմէն գացին եւ աշխարհի չորս ծագերուն Աստուծոյ շնորհքն ու Աւետարանը տարածեցին ժողովուրդին։

Համբարձման Ժողովրդային Աւանդութիւններ

Ինչպէս առաքելաները ուրախութիւնը ապրեցան Յիսուսի Համբարձման օրը, նոյնպէս ժողովուրդը այս ուրախութիւնն ու ցնծութեան մթնոլորտը ապրած է ու կ՚ապրի գեղեցիկ աւանդութիւններով։ Այս աւանդութիւնները տարբեր համ ու հոտ տուած են մեր իւրաքանչիւր տօնին եւ մինչեւ այսօր ամէն տեղ նոյն ժողովրդական «ծէս»երը կը պահպանուին։ Անշուշտ, այստեղ անոնց մասին բացատրելն ու ամփոփելը դժուար  պիտի ըլլայ, սակայն կ՚ուզեմ անդրադառնալ Համբարձման տօնի նշանաւոր աւանդութիւններէն մէկուն, որ կը կոչուի «Վիճակ»։ Անցեալին, մէկ օր առաջ, աղջիկներն ու կիները, որեւէ բանով զբաղելէ կը խուսաբէին, ի պատիւ «Ծաղկամօր» (սուրբ Վառվարէ), որպէսզի «ծաղիկ»ի կամ «կարմրուկ»ի հիւնադութիւններով չբռնուէին իրենց զաւակները։ Առաւօտեան վաղ ժամերէն, աղջիկները կ՚երթան երգելով ու կանչերով ծաղիկներ կը քաղեն ու կը հաւաքեն, որպէսզի վիճակ քաշելու պատրաստութիւնները տեսնեն, իսկ ուրիշ խումբ մը, գիշերով եօթ աղբիւրներէ ջուր կը հաւաքեն մէկ կուժի մէջ՝ շատ ծածուկ եւ առանց խօսակցութիւն ունենալու տղոց հետ։ Յաջորդ օր, (Համբարձման տօնին), բոլոր հարսերն ու կիները կը հաւաքուին, մեծ ամանի մէջ եօթ աղբիւրներուն ջուրը լեցուցած, իրենց հաւաքած ծաղիկներով զարդարած ու լեցուցած։ Աղջիկները իրենց իրերէն կը ձգեն ջուրէ ամանին մէջ, իսկ ամենէն փոքր աղջիկը, երեսը ծածկուած, մէկ-մէկ կը քաշէ առարկաներ։ Ամէն մէկ առարկային հետ, երգող ու արտասանող կիները, թեկնածուին «բախտ»ին քաշուած քառեակը կը կարդան կամ կ՚երգեն, այն սնահաւատութեամբ, թէ իր բախտը գրուածին պէս պիտի իրականանայ։ Քառեակները սիրային, գեղեցկութեան եւ երբեմն ալ դժբախտութեան խօսքեր են։ Ի վերջոյ, իրարու հետ զուարճանալու եւ մեծ հանդիսութիւններու առիթ մը կ՚ըլլայ բոլորին համար։

Համբարձման տօնը, ինչպէս շատ մը եկեղեցական տօներ, մեզի կը պատրաստեն եւ կը սորվեցնեն, միշտ դէպի առջեւ կամ վեր նայելու։ Հաւանաբար, ժողորվրդական աւանդութիւնները մարդկային անհիմն գուշակումներ կը կատարէ ապագայի մասին, սակայն, Աստուածաշունչը մեզ կը մղէ դէպի Աստուծոյ ուղղելու մեր հայեացքները։ Մեր Տէրունական աղօթքին մէջ իսկ կ՚ըսենք. «…Եկեսցէ Արքայութիւն քո, եղիցին կամք քո, որպէս յերկինս եւ յերկրի…»։ Միշտ մեր յոյսն ու աչքերը դէպի Աստուծոյ Արքայութիւնն են, որ ինչպէս երկնքի մէջ, նոյնպէս երկրի վրայ կ՚ուզենք ապրիլ եւ յուսալ։ Աւելի յուսալի ու վստահելի բան չկայ, քան դէպի երկինք՝ Աստուծոյ նայիլ ու Անոր փառքը սպասել։ Հետեւաբար, թող այս Համբարձման տօնը, մեր աչքերը միշտ առաքեալներուն պէս վեր պահէ, որովհետեւ Աստուծոյ հանդէպ դրուած յոյսն ու հաւատքը, ամօթով չի մնար։ (Հռ 5:5)

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին