«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանան կրնայ Իսրայէլի իւրաքանչիւր փորձի դէմ պայքարիլ Միջերկրական ծովուն մէջ քարիւղի եւ կազի աղբիւրներու հասանելիութեան կանխման համար: Այս մասին, ըստ The Daily Star-ի, յայտարարեց Հըզպալլայի գլխաւոր քարտուղար Սայյէտ Հասան Նասրալլան:
Անոր մեկնաբանութիւնները կը բխին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ընթացող վէճերէն, որոնք կը վերաբերին երկու երկիրներուն միջեւ ծովային սահմանագծման:
Ծովէն 856 քառակուսի քիլոմեթր վէճի առարկայ է երկու երկիրներուն միջեւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տարածքը կը համարէ իր բացառիկ տնտեսական գօտին:
«Հըզպալլա»-ի ղեկավարը նաեւ ըսաւ, որ իր կուսակցութիւնը կողմ է «լիբանանեան երեք առաջնորդներու միջեւ ընդհանուր դիրքորոշման», աւելցնելով, որ Լիբանանը հզօր դիրքերու վրայ է:
Նախագահ Միշէլ Աուն, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի բոլորն ալ ըսած են, թէ իրենք համաձայնած են սահմանագծման հարցով «միասնական դիրքորոշման» մասին, թէեւ լրացուցիչ մանրամասներ չեն հրապարակած: Այնուամենայնիւ, անոնք ըսած են, որ Լիբանանը պիտի արտօնէ ՄԱԿ-ին՝ վերահսկելու գործընթացը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Լիբանանի հարաւային սահմանի վրայ Կապոյտ Գիծ ձեւաւորելու հարցով:
Երկրի միւս հիմնական պահանջը այն է, որ ծովու եւ հողային սահմաններուն վէճերը միասնաբար լուծուին:
ԱՄՆ պետական քարտուղարի պաշտօնակատար Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ այժմ կը զբաղի Պէյրութի եւ Թել-Աւիւի միջեւ փոխադարձ դիւանագիտութեամբ՝ իւրաքանչիւր կողմին ներկայացելով միւս առաջարկները:






