Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

ՀՀ ՊՆ ՌՈ Խաղաղապահ Դասակի Զինծառայողները Մասնակցած են ՆԱԹՕ-ի Դասընթացին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ՀՀ ՊՆ ռազմական ոստիկանութեան մէջ, ամփոփուած է ՆԱԹՕ-ի ուսումնական խումբին կողմէ իրականացուած «Խաղաղապահ գործողութիւններու իրաւական երեւոյթները» թեմայով դասընթացը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Քառօրեայ դասընթացին ծիրէն ներս՝ ՀՀ ՊՆ ռազմական ոստիկանութեան խաղաղապահ դասակի զինծառայողներուն ներկայացուած են խաղաղապահ առաքելութիւններու իրաւական երեւոյթները, գործիքակազմը, կիրառուող կանոնակարգերը, քաղաքացիական կառոյցներու եւ անձերու հետ հաղորդակցութեան եւ համագործակցութեան առանձնայատկութիւնները: Դասընթացի մասնակիցները այցելած են նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին