Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Նասրալլա. Լիբանան Իր Իրաւունքը Պիտի Հաստատէ Քարիւղի եւ Կազի Պաշարներուն Գծով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանան կրնայ Իսրայէլի իւրաքանչիւր փորձի դէմ պայքարիլ Միջերկրական ծովուն մէջ քարիւղի եւ կազի աղբիւրներու հասանելիութեան կանխման համար: Այս մասին, ըստ The Daily Star-ի,  յայտարարեց Հըզպալլայի գլխաւոր քարտուղար Սայյէտ Հասան Նասրալլան:

Անոր մեկնաբանութիւնները կը բխին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ընթացող վէճերէն, որոնք կը վերաբերին երկու երկիրներուն միջեւ ծովային սահմանագծման:

Ծովէն 856 քառակուսի քիլոմեթր վէճի առարկայ է երկու երկիրներուն միջեւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տարածքը կը համարէ իր բացառիկ տնտեսական գօտին:

«Հըզպալլա»-ի ղեկավարը նաեւ ըսաւ, որ իր կուսակցութիւնը կողմ է «լիբանանեան երեք առաջնորդներու միջեւ ընդհանուր դիրքորոշման», աւելցնելով, որ Լիբանանը հզօր դիրքերու վրայ է:

Նախագահ Միշէլ Աուն, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի բոլորն ալ ըսած են, թէ իրենք համաձայնած են սահմանագծման հարցով «միասնական դիրքորոշման» մասին, թէեւ լրացուցիչ մանրամասներ չեն հրապարակած: Այնուամենայնիւ, անոնք ըսած են, որ Լիբանանը պիտի արտօնէ ՄԱԿ-ին՝ վերահսկելու գործընթացը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Լիբանանի հարաւային սահմանի վրայ Կապոյտ Գիծ ձեւաւորելու հարցով:

Երկրի միւս հիմնական պահանջը այն է, որ ծովու եւ հողային սահմաններուն վէճերը միասնաբար լուծուին:

ԱՄՆ պետական քարտուղարի պաշտօնակատար Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ այժմ կը զբաղի Պէյրութի եւ Թել-Աւիւի միջեւ փոխադարձ դիւանագիտութեամբ՝ իւրաքանչիւր կողմին ներկայացելով միւս առաջարկները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին