Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Ժողովրդավարութեան հաստատման ճամբուն վրայ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Անցնող շաբաթը յեղափոխական էր։ Նախ, շատերու համար անակնկալ, Արցախի նախկին եւ ներկայ նախագահներ Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան մեկնեցան Երեւան եւ դատարանին մէջ ստորագրութեամբ երաշխաւորեցին Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ազատութեան մէջ գտնուիլը, օրէնքի բոլոր կէտերով։ Եւ չուշացաւ երկրորդ անսպասելի շրջադարձը, երբ դատարանը ընդունեց այդ քայլը եւ Քոչարեանը ազատ արձակեց երաշխաւորութեամբ։ Երրորդ նորութիւնը անցնող շաբթուան ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Ն. Փաշինեանին կոչն էր ժողովուրդին՝ իջնելու փողոց եւ փակելու դատարաններուն մուտքերը։ Այս շարժումը հինգ ժամէ աւելի անդամալուծեց դատաւորներուն աշխատանքը եւ տեղի տուաւ քննադատութիւններու։ Ապա, չորրորդ քայլով մը՝ Փաշինեան անդրադարձաւ Հայաստանի դատաիրաւական համակարգին, անոր վիրաւոր կողմերուն (ՀՀ վարչապետին խօսքէն լայն հատուածներ տեսնել էջ 2)։

Արդարեւ, նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դատավարութիւնը եւ երաշխաւորագիրի դիմաց ազատ արձակումը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի Փաշինեանն ու նոր կառավարութիւնը աւելի արագ քայլերու ձեռնարկեն արդարադատական համակարգը յեղափոխելու համար։

Բնականաբար, նախկին իշխանութիւնները տակաւին ունին մեծ լծակներ, որոնց միջոցով կառավարութենէն եւ դատական համակարգէն ներս կը գրաւեն պետական գլխաւոր եւ երկրորդական պաշտօններ։ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը չէր կրնար յեղաշրջել երկիրը մատի մէկ շարժումով, չունէր մարդոյժ եւ ժամանակ. ամէն ինչ ընթացած էր շատ արագ, սակայն նաեւ՝ ոչ բռնի միջոցներով, բաց ձեռքերով։

Բարձրօրէն գնահատելով տարի մը առաջ կատարուած նմանը չունեցող յեղափոխութիւնը, այսօր մեր ժողովուրդէն եւ քաղաքական կառոյցներէն կը պահանջուի չտարուիլ զգացականութիւններէ եւ յանուն մեր լինելութեան՝ հաստատել օրինական պետութիւն, օրէնքի գերակայութիւն, ազատ ու ժողովրդավար պայմաններու տակ։

Կեցցէ՛ Մայիս 28 տեսած եւ Սեպտեմբեր 21 ապրող մեր լոյսն ու յոյսը, մեր փարոս՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

ՆՈՐ ՕՐ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին