Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Հռիփսիմեանցի Ամավերջի Հանդէսը՝ Ուրախութեան Եւ Հպարտութեան Առիթ Մը (լուսանկարներ)

Լուսահոգի նախկին տնօրէն Մայր Արմինէ Մակարոսեանի յիշատակը յարգելէ ետք յոտնկայս եւ շրջանաւարտներէն տաղանդաւոր Ալեք Տոներեանին ջութակի վրայ յուզումնալից ապրումով հնչեցուցած Տըլէ Եամանով, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան Հռիփսիմեանց վարժարանի կրթական տարեվերջի հանդէսին ներկաները՝ պաշտօնական հիւրերը եւ մանաւանդ ծնողները հաւանաբար արդար ուրախութեան եւ հպարտութեան զգացումներով դուրս եկան սրահէն, միանալու համար 13 շրջանաւարտներու աւանդական ցնծութեան՝ կարկանդակի հատումին, ընդունելութեան, հրավառութեան եւ շնորհաւորութիւններուն։

Արդարեւ, անոնք ուրախ էին եւ հպարտ շրջանաւարտներու յուզումնախառն զգացումներով արտասանուած խօսքերուն, բարձրորակ ելոյթներուն ու գեղարուեստական բարձրաճաշակ կատարումներուն համար, որոնք վկայութիւնը հանդիսացան անոնց յանձնառութեան կառչած մնալու իրենց արմատներուն, ինքնութեան եւ հայկական, քրիստոնէական ու մարդկային այն բոլոր արժէքներուն, որոնցմով թրծուեցան Հռիփսիմեանցի մէջ իրենց վաղ մանկութենէն, նուիրեալ մայրապետներու շունչին տակ եւ որոնք իրենց ապագայ յաջողութիւններուն գրաւականը պիտի հանդիսանան։ Այս ճշմարտութեան մէկ վկայութիւնը տուաւ անցեալ տարեշրջանի վկայեալներու փունջը որ յայտնուեցաւ գեղազարդ բեմին վրայ՝ վկայելու համար տարբեր՝ ֆրանսական, ամերիկեան եւ պետական համալսարաններու մէջ իրենց արձանագրած յոջողութիւններու մասին։ Անոնք անգամ մը եւս երախտագիտութեամբ հաստատեցին որ Հռիփսիմեանցին մէջ, Հայ քոյրերուն եւ որակեալ ու նուիրեալ ուսուցչակազմին ջամբած հոգեմտաւոր պատրաստութիւնն է իրենց յաջողութեան մեկնակէտը։

Ինչպէս իր սրտաբուխ հուսկ բանքին մէջ հաստատեց ընկերային հարցերու նախարար տք․ Ռիշար Գույումճեան, շրջանաւարտներուն գեղարուեստական ելոյթները՝ իրենց ուսումնառութեան զուգահեռ, ցոյց տուին տաղանդաշատ ազգի մը արժանաւոր զաւակները ըլլալնին։ Շրջանաւարտներուն վկայականները անձամբ յանձնելէ ետք, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի Մայր Արուսեակ Սաճոնեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը որ իբրեւ պատգամ անջնջելի պիտի մնայ ոչ միայն շրջանաւարտներու, այլ ներկայ ծնողներու մտքին մէջ։ Արդարեւ, ան բարձր գնահատեց հայ ծնողներուն գիտակցութիւնը իրենց զաւակներուն ուսումնառութիւնը եւ դաստիարակութիւնը վստահելու Հայ Դպրոցին, որ ազգապահպանման հիմնասիւներէն մէկն է։ Մեծաւորուհի Մօր խօսքը կոչ մըն էր այսպիսի գիտակից հայ ծնողաց օրինակը վարակիչ տեսնելու։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին