Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի եւ Չինաստանի Միջեւ Վիզան Պիտի Վերցուի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ կառավարութեան այսօրուան նիստին որոշուած է Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ սովորական անձնագիրներ կրող անձերու համար մուտքի արտօնագրի պահանջը փոխադարձաբար վերցնել:

Համաձայնագիրով կը նախատեսուի, որ իւրաքանչիւր կողմի պետութեան վաւեր անձնագիրներ կրող քաղաքացիները միւս կողմի պետութեան տարածք մուտք գործելու եւ դուրս գալու կամ տարանցիկ երթեւեկելու ատեն կ՛ազատուին մուտքի արտօնագրի պահանջէն իրենց մուտք գործելու ամսաթիւէն` մինչեւ 90 օր ժամկէտով` 180 օրուան ընթացքին:

 «Կողմերը շահագրգիռ են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը շարունակ խորացնելու հարցով, ինչպէս` միջանձնային շփումներու եւ զբօսաշրջութեան խթանման միջոցով»,- ըսուած է հիմնաւորման մէջ:

Համաձայնագիրը պիտի0 ստորագրուի Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարի` յառաջիկային Հայաստան նախատեսուած այցի ժամանակ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին