«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նկատի առնելով, որ նախարարները 48 ժամ եւս ունին 2019-ի պիւտճէի նախագիծի նոր առաջարկները գնահատելու, Ելեւմտական նախարար Ալի Հասան Խալիլ Հինգշաբթի օր պահանջեց, որ պետական կառոյցները սկսին նախապատրաստել իրենց աղիւսակները 2020-ի համար։
Ելեւմտական նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն՝ յաջորդ տարուան պիւտճէի քննարկումները պիտի սկսին յաջորդ շաբաթ։
Նախարարութիւնը պիտի մանրամասնէ նախարարութիւններու եւ պետական կառավարման մարմիններու կողմէ կատարուող ծախսերուն եւ եկամուտներուն թիւերը, այնուհետեւ, աշնան, պիւտճէի նախագիծը պիտի ներկայացնէ կառավարութեան, որպէսզի անիկա ընդունուի նոր տարուան նախաշեմին:
2019-ի պիւտճէի նախագիծը, որ այժմ աւելի քան վեց ամիս ետ մնացած է, դեռ կը սպասէ կառավարութեան հաստատման` մինչեւ խորհրդարանի կողմէ վաւերացուիլը:
Տեղեկատւութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ, որ Կառավարութեան իւրաքանչիւր նիստէ ետք խօսք կ՝առնէ նախարարներուն անունով, Չորեքշաբթի, պիւտճէի 18-րդ քննարկումէն ետք, յայտնած էր, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի նախարարներուն տուած է լրացուցիչ 48 ժամ՝ նոր առաջարկներ ներկայացնելու համար:
Նախարարները այսօր դարձեալ պիտի հանդիպին:
Պասիլ. Պիւտճէի Խնայողութիւններուն Չափերը Բաւարար Չեն
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Հինգշաբթի օր զգուշացուց, որ 2019-ի Պետական պիւտճէի նախագիծը բաւարար չէ պակասուրդը կրճատելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ The Daily Star-ը։
«Պիւտճէի մէջ շատ բարեփոխումներ իրականացուցած ենք, եւ ատիկա լաւ է բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց նպաստը ունեցած են … բայց ատիկա անբաւարար կը համարենք»,- ըսաւ ան հեռատեսիլով ունեցած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ:
«Մենք հասած ենք ընդունելի պակասուրդի մը, բայց ատիկա նոյնիսկ բաւարար չէ»,- աւելցուց ան, համերաշխութեան կոչ ուղղելով՝ հասնելու աւելի մեծ պակասուրդի կրճատման:
Ան պետական միջոցներն ու ապօրինի պաշտօնները ներկայացուց իբրեւ փարեփոխումներ պահանջող ոլորտներ:
Պատասխանելով խնայողութիւններու վերաբերեալ այն հարցին, որ պիտի նուազեցնէ նախկին պատգամաւորներու եւ նախարարներու աշխատավարձերը, Պասիլ հարցուց, թէ արդեօ՞ք «ընդունելի է լիբանանցիին համար վճարել պատգամաւորի մը նպաստը, որ ընտրուած է 1947-ին, մէկ շրջանի համար»:
Ան հերքեց պիւտճէի ընդունման համար իր արգելք ըլլալը եւ մեղադրեց այն նախարարները, որոնք «կը հրահրեն լրատուամիջոցները սխալ փաստերով»:
«Ինչ կը վերաբերի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իմ անհամաձայնութեան, ճիշտ չէ»,- ընդգծեց ան: