Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Թատերական վերաքննութիւն. Խնդուքի երեկոյ մը եւ ներքին գոհացում

ՍԵՍԻԼ ՔԵՇԻՇԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Ազնուափայլ տիկին Սեսիլ Քեշիշեանին այս գրութեան բնագիրը՝ անգլերէն լեզուով, լոյս տեսաւ ամիս մը առաջ ՆՈՐ ՕՐ-ի մէջ։ Եղաւ նաեւ անդրադարձ երիտասարդ լրագրող-թատերագիր-բեմադրիչ Թալին Պապայեանի լոսանճելըսեան երկրորդ Յայտնութեան մասին։ Ստորեւ, յօդուածին շահեկանութենէն ելլելով, կը ներկայացնենք հասարակական աշխոյժ գործիչ տիկին Սեսիլ Քեշիշեանի գրութիւնը թարգմանաբար, որուն համար մեր շնորհակալութիւնը կ՚երթայ Պրն. Ներսէս Պապայեանին։

ՆՈՐ ՕՐ

Հրճուանքով ներկայ գտնուեցայ, երեք հիւրերու ընկերակցութեամբ, Թալին Պապայեանի ինքնատիպ եւ զմայլելի «Փեսադ ո՞ւր է» զաւեշտին՝ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Կատարողական արուեստից կեդրոնին մէջ, Փասատինա, Կիրակի երեկոյեան, Մարտ 31-ին:

            Ճշդուած ժամանակէն առաջ իսկ, բոլոր աթոռները գրաւուած էին եւ ինքնաշարժ շարելու տեղ մնացած չէր. անցեալին չտեսնուած երեւոյթ մը: Բազմաթիւ անձեր հարկադրուած էին վերադառնալ՝ տոմսերու չգոյութեան պատճառաւ: Սրահը բերնէ բերան լեցուն էր եւ այդ իսկ պատճառաւ իմ հիւրերուս հետ կարելի չեղաւ միատեղ նստիլ: Ազնիւ զոյգ մը արդարեւ, Արա եւ Սոնիա, իրենց աթոռները մեզի տրամադրեցին, մեծարելով «երէց քաղաքացիի» մեր հանգամանքը:

            Թալինը ոչ միայն հեղինակն էր այս կատակերգութեան, այլ նաեւ բեմադրիչն ու ղեկավարը եւ այս բոլորը՝ առանձին: Արեւելեան Միացեալ Նահանգներէն, ան հասակ առած է հայկական խորունկ արմատ ունեցող մտաւորական ընտանիքէ ներս: Ան մեզի հրամցուց մարգարիտի նման զմայլելի այս թատերախաղը որ կ՚արտացոլացնէ հայ ծնողաց մտայնութիւնը արտերկրի մէջ մեծցած իրենց զաւակներուն նկատմամբ՝ տենչալով անոնց ամուսնութիւնը հայու հետ, պահպանելու առաջադրութեամբ ազգային ինքնութիւնը:

            Այս կատակերգութեան մէջ, Թալին զաւեշտական ոճով ցոյց կու տայ խնամիներուն փոխյարաբերութիւնները. ինչպէ՞ս մեծցնել թոռնիկները: Աւելին, իւրաքանչիւր կողմ կը պնդէ ի՛ր նախասիրութեան վրայ, բոլորովին արհամարհելով կարեւորագոյն անձին՝ հարսնցուին ցանկութիւնները:

            Տակաւին, իւրաքանչիւր կողմ իր նախասիրութիւնները կը փորձէ պարտադրել՝ ինչ կը վերաբերի հարսանեկան զգեստին, երաժշտութեան եւ ամուսնութեան հետ առնչուած բազմաթիւ հարցերուն:

            Այս աշխարհին մէջ մենք միայն կարիքը չունինք հայ հարսնցուներու: Կարիքը ունինք նաեւ բժիշկներու, փաստաբաններու, երկրաչափներու, քաղաքագէտներու եւ արուեստագէտներու: Որովհետեւ արուեստագէտները կը ծառայեն իբրեւ դիտողներ, որոնք իրենց պատգամն ու նկատառումները կը փոխանցեն համայնքին: Այս առումով մենք շնորհապարտ ըլլալու ենք Թալինին, իր տաղանդին շնորհիւ մասնակցութիւնը բերած ըլլալով Լոս Անճելըսի հայութեան մշակութային կեանքին՝ մեծաշուք «Փեսադ ո՞ւր է» գործով:

            Ժամանակէ ժամանակ այս պատգամները կը փոխանցուին հանդիսականներուն՝ հեզասահ եւ շեշտակի կերպով, զաւեշտի միջոցաւ:

            Յիրաւի, ստեղծագործական վիթխարի նախաձեռնութիւն մը յանձն առաւ Թալին վեց տարիներ առաջ, երբ մէկտեղեց տարբեր գաղութներէ ներս մեծցած 20 երիտասարդ հայեր Նիւ Եորքի մէջ առաջին անգամ ներկայացնելով «Փեսադ ո՞ւր է» կատակերգութիւնը Նիւ Եորքի պատմական Greenwich Village-ի Rayers Theatre-ի մէջ, արձանագրելով աննախընթաց եւ փայլուն յաջողութիւն: Այս զաւեշտը կ՚արձագանգէ երիտասարդ սերունդին ձայնը:

            Ինչ որ սկսաւ որպէս մէկ ներկայացում՝ շուտով ուռճացաւ եւ ծաւալեցաւ 18 ելոյթներու, Միացեալ Նահանգներու հայահոծ գաղութներու մէջ, ուր հազարաւոր հանդիսատեսներ ըմբոշխնեցին զաւեշտն ու հոն թաքնուած պատգամը:

            Մեծապէս քաջալերուած խանդավառ ընդունելութենէն, «Փեսադ ո՞ւր է, Բ. մաս», զաւեշտը բեմադրուեցաւ Քոլոմպիա համալսարանի հանրածանօթ “Miller Theatre”-ի մէջ 2017-ին, աւելի քան վեց հարիւր ներկաներու բարձր գնահատանքին արժանանալով: Հոս եւս իր սեփական ուժերով Թալին արտասահմանեան հայ ընտանիքի մը պատմութիւնը ներկայացուց, ծիծաղաշարժ պատկերներով, ուր առկայ էր ձուլումի դէմ պայքարը եւ շեշտը դրուած էր աւանդական արժէքները պահպանելու անհրաժեշտութեան վրայ:

***

            Լիահագագ խնդուքին առընթեր, զաւեշտին մէջ առկայ է նաեւ իմաստ: Կը յուսամ որ իւրաքանչիւր հանդիսատես հաղորդակից դարձաւ խօսակցութեան, դերակատարի եւ տեսարանի մը հետ՝ զուգահեռ մը գտնելով իր կեանքին եւ վերաբերմունքին մէջ:

            Շարունակական խնդուքը անյագ էր՝ անվերջ: Ամէն հանդիսական աներկբայօրէն վայելեց այս երեկոն:

            Որքան նշանակալի է վարագոյրին առջեւ պատահածը, նոյնքան կարեւոր է վարագոյրին ետեւը տեղի ունեցածը: Այսպէս, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ ծանօթացան իրարու, բարեկամութիւններ հաստատուեցան եւ ամուսնութիւններ կնքուեցան՝ հայ ընտանիք կազմելով: Մէկ խօսքով, վերաշխուժացաւ արտասահմանի հայ թատերական կեանքը՝ Նիւ Եորքէն Նիւ Ճըրզի, Ֆիլատելֆիա, Ուաշինկթըն եւ մինչեւ հոս՝ Փասատինա: Ես առանձնապէս բախտաւոր կը նկատեմ ինքզինքս Պէյրութի ՀԲԸ Միութեան Մշակութային ակումբին մէջ հանդիպած եւ ամուսնացած ըլլալով իմ ամուսինիս հետ: Ակումբներ, թատերական խումբեր եւ այլազան գործունէութիւններ լաւագոյն միջոցներն են հանդիպելու եւ ամուսնանալու ապագայ քու կեանքի ընկերոջդ հետ:

            Մեծցած ըլլալով Պէյրութի, Լիբանանի մէջ, մեր ծնողքը մեզ սնուցանեցին ծառայութեան ոգիով՝ յատկապէս հայ գաղութին: Որբերը Հայոց Ցեղասպանութեան, անոնք խորապէս ըմբռնած էին կարեւորութիւնր պահելու եւ շարունակելու մեր պատմութիւնը, որ մէկէ աւելի անգամներ շիջումի վտանգին դէմյանդիման գտնուած է:

            Իմ քոյրերս եւ ես, մեր սեփական ճիգերով եւ միջոցներով, սատար հանդիսացած ենք կարգ մը ծրագիրներու, որոնք նշանակալի արձագանգ կ՚ունենան մեր համայնքէն ներս՝ Արտասահմանէն մինչեւ Մայր Հայրենիք:

            Այն ինչ որ ես ականատես եղայ եւ ներքուստ ապրեցայ Կիրակի օր, յոյս ներշնչեց ինծի նոր սերունդին նկատմամբ. թէ Թալինին մակարդակով անձ մը, շրջանաւարտ Ամերիկայի աչքառու համալսարաններէն (Tafts եւ Columbia) որուն ընտանիքը անջնջելի դրոշմ մը ձգած է համայնքային մեր կեանքէն ներս, ընտրած է իր ժամանակը եւ տաղանդը յատկացնել հայ մշակութային կեանքին ուռճացման՝ ամէնէն բեղմնաւոր կերպով: Կը կրկնեմ դարձեալ. աննախընթաց երեւոյթ էր տեսնել թատերասրահին վեց հարիւր աթոռները գրաւուած եւ շատեր յուսախաբ՝ հեռացած էին սրահէն տոմսերու չգոյութեան պատճառաւ:

            Թալինը կատարած է գիտակից ճիգ մը հայ հասարակութիւնը զուարճացնելու եւ դաստիարակելու ոչ թէ հայկական մակարդակով՝ այլ ամերիկեան թատերական արուեստի մակարդակով: Իր ճիգերը փառաւոր կերպով արդիւնաւորուեցան:

***

            Երբ վարագոյրը բացուեցաւ, խօսակցութեան առաջին նախադասութեամբ իսկ Թալինը, դերասաններն ու օժանդակող կամաւորները կախարդեցին հանդիսականները եւ մեզ առաջնորդեցին երկու ժամուան անընդհատ խնդուքի ուղեւորութեան: Տիպարները լաւապէս մշակուած էին եւ պատմութեան նիւթը մեզի կը պարգեւէ լաւատեսութիւն հայ սփիւռքի, Մայր Հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդին նկատմամբ: Այս հաստատումները ես կը կատարեմ իբրեւ թատրոնի բանիմաց հետեւող անձ մը, ներկայ գտնուած ըլլալով Broadway-ի վրայ ներկայացուած բազմաթիւ թատերական գործերու, երբ մեր դուստրը՝ Ալին Նիւ Եորք կը բնակէր եւ շաբաթավերջերուն իրեն կ՚այցելէինք: Ուրբաթ եւ Շաբաթ գիշերները, առաւել ըլլալով Կիրակի յետմիջօրէին միասնաբար ներկայ կը գտնուէինք Broadway-ի show-ին եւ ապա կը վերադառնայինք Պոսթըն:

            Թալինին «Փեսադ ո՞ւր է» կատակերգութեան մէջ Broadway-ի արհեստագիտական յատկանիշներէն շատերը ես վկայակոչեցի: Սակայն Broadway-ի ելոյթներուն բեմադրութիւնները կ՚իրագործուին հարիւրաւոր անձերու գործակցութեամբ, մինչ Թալինին պարագային ան առանձինն կը բեմադրէ, կը ղեկավարէ, կը գրէ՝ քսան անձերու օժանդակութեամբ:

            Իր ծնունդէն ի վեր Թալինը շաղախուած է հայութեամբ: Ո՞վ չի ճանչնար դաստիարակ իր մեծ հայրը՝ Երուանդ Պապայեան: Ծնած եւ մեծցած Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափին վրայ, Թալինը անթերի կը խօսի մեր լեզուն (յաճախ նկատած եմ զինք, երբ հայերէն լեզուով նշումներ կ՚արձանագրէ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանի ձեռնարկներուն), քաջածանօթ է մեր պատմութեան ծալքերուն, մեր մշակոյթին, տարբեր գաղութներու կեանքին եւ իր մատը ամուր կը պահէ հայկական գործունէութիւններու բազկերակին վրայ:

            Ան կը գնահատէ հայ լեզուն, կ՚արժեւորէ անոնք որոնք եկած են իրմէ առաջ, կը ճանչնայ կարեւորութիւնը Արտասահմանին եւ Հայրենիքին եւ այս բոլորը կ՚ընդելուզէ իրարու իր թատերախաղին մէջ, որուն հանդիսականներէն ոմանք չեն գործածեր մեր լեզուն, սակայն այնքան հայրենասէր են՝ որքան մենք բոլորս:

            Թալինին հետեւողական աշխատանքը անմրցելի կը մնայ, ինչպէս իր գրելու սէրը՝ արտադրելու իմաստալի գործեր մեր հայրենիքին համար «Փեսադ ո՞ւր է» զաւեշտէն մինչեւ Արցախի մասին իր նկարահանած վաւերական ֆիլմը: Յուսանք մօտիկ ապագային հանրութիւնը առիթ պիտի ունենայ տեսնելու զայն: Կը մտածեմ եթէ ոեւէ անձ այս բոլորին քառորդը կրնայ իրագործել առանձինն, կամ գրողներու խումբով, իր որդեգրած գաղութին մէջ: Ան կը կատարէ գործը հայկական կազմակերպութեանց՝ որոնց առաքելութիւնը ըլլալու է նման գործերու իրականացումը: Ան, աւելին՝ ստեղծած է ժամանակակից հայկական խումբ մը, ողջունելով անոնց անդամներուն ինքնուրոյնութիւնը եւ այս փորձառութիւնը դրական արձագանգ մը թողած է իրենց վրայ: Մենք հիացումով դիտեցինք այս սիրողական դերասանները որոնք իրենց դերերը կատարեցին արհեստավարժ դերասաններու նման:

            Մենք բոլորս ծնունդ առած ենք անձէ մը, որոշ ժամանակի մը մէջ եւ որոշ տեղ մը: Իմ ծնողքս փրկուեցան ցեղասպանութենէն, յաղթահարելով բազմաթիւ դժուարութիւններ՝ կազմելու համար հայ ընտանիք՝ որպէս ուժգին պատասխան մեր ժողովուրդին բնաջնջումի փորձին: Թալինն ալ ցեղասպանութենէն վերապրածներու տոհմին շառաւիղն է եւ վառ կը պահէ իր ընտանիքին հանրային ծառայութեան ժառանգութիւնը յօգուտ հայ սփիւռքին:

 Պռաւօ՛ Թալին. կը սիրենք քեզ եւ հպարտ ենք քեզմով:         

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին