Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Զինծառայողներու Աշխատավարձերը Յուլիսի 1-էն Պիտի Բարձրանան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ կառավարութեան այսօրուան նիստին որոշում տրուեցաւ զինծառայողներու վարձատրութեան չափերը Յուլիս 1-էն բարձրացնել միջինը 10%-ով:

«Համահաւասարեցում կ՛իրականացուի յաւելումներու մասով` բարձրագոյն սպայական, կրտսեր ենթասպայական եւ շարքային կազմերու միջեւ: Այդպիսով` Զինուած ուժերի գլխաւոր շտապի պետը եւ պայմանագրային շարքայինը մօտաւորապէս կը ստանան հաւասարաչափ յաւելում»,- ըսած է պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

 Ան աւելցուցած է, որ կրտսեր ենթասպայական եւ շարքային կազմերու աշխատավարձերը կը բարձրանան միջինը 18%-ով, իսկ այն զինծառայողները, որոնք իրենց ծառայութիւնը իրականացնեն առանձնայատուկ պայմաններու մէջ, կը ստանան աւելի բարձր յաւելավճար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին