Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանը կ’ապացուցէ, որ ոչ թէ միայն բարձրորակ ուսում ջամբելով, այլ նաեւ զանազան միջոցառումներով, կը նպաստէ աշակերտին ներդաշնակ դաստիարակութեան:
Հետեւաբար, Երեքշաբթի, 21 Մայիս 2019-ին, վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Վերջին Զանգ»ի նշումը: Դպրոցական տարիները ամփոփուեցան անոր գեղեցիկ եւ հանդիսաւոր արարողութեան մէջ:
Յայտագիրը ընթացք առաւ «Վերջին Զանգ» խմբերգով, ինչպէս նաեւ՝ «Մնաք Բարով Իմ Դպրոց» խմբային արտասանութեամբ, կատարողութեամբ մանկապարտէզի աշակերտներուն:Ապա զանգը երկար ղօղանջեց ազդարարելով հանգրուանի մը աւարտը ու բեմահարթակ հրաւիրեց Միջն Գ. դասարանի աշակերտները, որոնք մէկական զանգակ ստացան մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի աշակերտներէն, փոխարէնը մէկական թարմ վարդ նուիրելով անոնց: Միջն. Բ. դասարանի աշակերտ՝ Սեւակ Չիլինկիրեան իր սրտի խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն, որմէ ետք Միջն. Գ. դասարանի աշակերտները թախծախառն ժպիտով շնորհակալութեան եւ հրաժեշտի խօսքեր ձօնեցին իրենց սիրելի ուսուցիչներուն: Անոնց հոգիները համակուած էին յուզականութեամբ: Տխուր էին, որովհետեւ պիտի աւարտեն, սակայն յոյսով առլեցուն էին, որովհետեւ հնարաւորութիւնը պիտի ունենան կեանքի կոչելու իրենց գիտելիքները:
Ոգեւորութեան ալիք մը ստեղծուեցաւ եւ բեմէն փոխադրուեցաւ դահլիճ, երբ Արամէի «Վերջին Զանգ» պարի անզուգական կատարմամբ հանդէս եկան Միջն. Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները: Ապա սոյն աշակերտները սրահէն ներս մուտք գործեցին, որպէսզի Միջն.Գ. դասարանի աշակերտները ջահը փոխանցեն Միջն. Բ. դասարանի աշակերտներուն: Տեղի ունեցաւ նաեւ կարկանդակի հատում: Վերջապէս վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկին Կալինա Նաճարեան իր սրտի խօսքով անդրադարձաւ, թէ Մայիս 21-ը սովորական օր մը չէր մեր բոլորին համար: Վերջին զանգով մեր շրջանաւարտները հրաժեշտ պիտի տան իրենց շատ սիրելի վարժարանին ու պիտի անցնին կեանքի նոր հանգրուան:
Վերջին զանգը վերջակէտ պիտի դնէ 13 տարիներու վրայ երկարած ուսումնական մարաթոնին, սակայն վստահ ենք, որ վարժարանէն ձեռք բերած իրենց բոլոր գիտելիքներն ու հմտութիւնները պիտի օգտագործեն յաղթահարելու համար կեանքին յառաջացուցած խոչընդոտները:
Տնօրէնուհին իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ.« Այսօր դուք, 68 տարիներէ ի վեր փոխանցուած ջահը, աւանդը, որ ստանցնեցիք ձեր նախորդներէն, պիտի յանձնէք ձեր յաջորդներուն, որոնք նոյնպէս պարտաւոր են իրենց կարգին անխափան պահել զայն եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն»: Ան վստահեցուց նաեւ, թէ իւրաքանչիւր աշակերտ շատ լաւ յիշատակութեամբ պիտի անցընէ Պրէօվէի պետական քննութիւնները: Հուսկ, ան իր ցանկութիւնը յայտնեց ըսելով, որ սիրեն իրենց զոյգ հայրենիքները, հպարտ ըլլան հայութեամբ, առաջնահերթ նկատելով ծառայել հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ ապագային նուաճեն բարձունքներ՝ մնալով հաւատարիմ իրենց ինքնութեան, որպէսզի մեր նահատակներուն կտակը հասնի իր աւարտին»:
Բարի երթ կը մաղթենք մեր սիրելի շրջանաւարտներուն, որոնք հրաժեշտ տուին իրենց հարազատ դպրոցին՝ սպառազինուած մայրենի լեզուի գանձերով, հայ ժողովուրդի դարաւոր մշակոյթի ու պատմութեան իմացութեամբ, տոգորուած հայրենասիրական ջերմ զգացումներով եւ հարստացած գիտելիքներով:
Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ