«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հակառակ մեծ ակնկալիքներուն, Կառավարութիւնը Չորեքշաբթի նոյնպէս չյաջողեցաւ հաստատել 2019-ի պիւտճէին նախագիծը։ Փոխարէնը շաբաթավերջի նստաշրջանով մը կը նախատեսուի վերանայիլ նոր առաջարկներ:
Տեղեկատւութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ նիստէն ետք կայացած ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ Վարչապետ Սաատ Հարիրի նախարարներուն տուաւ 48 ժամ՝ ուսումնասիրելու համար նոր առաջարկները։ Ան ըսաւ, որ Ուրբաթ օրուան նիստը, ամենայն հաւանականութեամբ, պէտք է ըլլայ պիւտճէին վերաբերեալ: Նախարարները արդէն իսկ անցած են իրենց համար սահմանուած ժամկէտները` աւելի քան երեք շաբաթ եւ 18 նստաշրջան:
Երէկուան նիստէն առաջ, նախարարներու խորհուրդը՝ Հարիրիի առաջարկով՝ պիւտճէի քննարկման համար ունեցաւ հանդիպում մը, որուն կը մասնակցէին արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ, ելեւմտական նախարար Ալի Հասան Խալիլ, արդիւնաբերութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, աշխատանքի նախարար Քամիլա Ապու Սլէյման, հանրային աշխատանքներու նախարար Եուսէֆ Ֆինեանոս եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար Մհամմատ Ֆնէյշ: Այստեղ չէին նախատեսուած չորս կին նախարարները։
«Չեմ գիտեր, թէ ինչու կառավարութեան 17 նիստ գումարելէ ետք անհրաժեշտ էր նախարարական խորհուրդին հանդիպումը՝ նոյն նպատակով»,- լրագրողներուն ըսաւ Ֆինեանոս՝ նիստէն առաջ:
«Պիւտճէի քննարկումը արդէն իսկ աւարտած է, եւ չեմ գիտեր, թէ ինչու է այս հանդիպումը տեղի կ՝ունենայ»,- իր հերթին, նիստէն առաջ, ըսաւ Խալիլ։