«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «լաւատես» կը համարէ Իսրայէլի հետ Լիբանանի վիճահարոյց հարաւային սահմանին վերաբերեալ ԱՄՆ-ի դիւրացուցած բանակցութիւններուն արդիւնքները: Այս մասին, երէկ յայտնեց Ամալ շարժման երեսփոխաններէն մէկը։
Ամալի Զարգացում եւ Ազատագրում խորհրդարանական դաշինքի շաբաթական հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ պատգամաւոր Ալի Պազզի ըսաւ, որ յաջորդող քանի մը օրերը՝ ԱՄՆ դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի Լիբանան վերադառնալէն առաջ՝ «կարեւոր» են բանակցութիւններու համար:
«Հաւանաբար յաջորդ շաբաթ մենք ունենանք պատասխանը ամբողջ լիբանանեան խնդիրին»,- ըսած է Պըրրի, ըստ իր գրասենեակէն հաղորդուած տեղեկութեան։
Սաթըրֆիլտ՝ ԱՄՆ պետական քարտուղարի արեւելեան հարցերով օգնականը, Պըրրիին, վարչապետ Սաատ Հարիրիին եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին Երկուշաբթի յայտնած էր, որ Իսրայէլը համաձայնած է Լիբանանի պայմաններուն՝ վերանայելու սահմանային վէճը:
Սաթըրֆիլտ պաշտօնեաներուն ըսած է, որ Իսրայէլը համաձայնած է լիբանանեան երկու պահանջներուն, ըստ որոնց ՄԱԿ-ը դերակատարութիւն ունի միջնորդութեան մէջ, եւ որ հողային ու ծովային սահմանային վէճերը լուծուին միասնաբար:
«Ասիկա այն տեսակէտն է, որուն վրայ Պըրրի աշխատած է աւելի քան հինգ տարի»,- յայտնեց Պազզի Չորեքշաբթի օր:
Պըրիի խօսքերով, սահմանի հարցին շուրջ վերջին զարգացումները նշած են «յաղթանակ մը պաշտօնական եւ ժողովրդական լիբանանեան դիրքորոշման համար»:
Ըստ Պազզիի Սաթըրֆիլտ Լիբանանի պիտի վերադառնայ յաջորդ շաբաթ, Եւրոպա իր կատարած այցէն ետք:
Նշենք, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ տէ ֆաքթօ սահմանը, որ կը գտնուի Լիբանանի մէջ, ունի առնուազն 13 կէտ, որոնք կը վիճարկուին Լիբանանի կառավարութեան կողմէ, մինչդեռ ծովէն շուրջ 856 քառակուսի քիլօմեթր կը պահանջուի իւրաքանչիւր երկրէն, ըստ իրենց բացառիկ տնտեսական գօտիին:






