Տարիներու գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, Ուրբաթ 17 Մայիս 2019-ին Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը, օժանդակութեամբ վարժարանիս ծնողաց յանձնախումբի ժրաջան մայրերուն, կազմակերպեց «Մայրերու Օր»-ը, խոնարհելով մայրութեան գաղափարին առջեւ, իրենց յարգանքն ու սէրը փոխանցելու համար մայրական վսեմ առաքելութեան:
Վարժարանի վերելքին մէջ մեծ է դերը ծնողաց յանձնախումբին, ուր ժրաջան մայրերը ոգի ի բռին կ՛աշխատին ամէն ձեւով նեցուկ կանգնելու անոր կարիքներուն ։
Այս ոգիով թրծուած, խումբ մը մայրեր յամախմբուած, սիրալիր ու ժպտուն դէմքերով, վարժարանիս «Յակոբ Պարսամեան» շքեղ սրահի մուտքին յուշանուէրներով ընդունեցին ձեռնարկին ներկայ գտնուող մայրերն ու հիւրերը։
Ներկաները հիացումով ըմբոշխնեցին մայրերու օրուան նուիրուած բեմի ետնապատի յարդարումը, զոր պատրաստած էր վարժարանիս նկարչութեան ուսուցչուհի Օրդ․Սարին Կարպուշեան:
Սեղաններու վրայ զետեղուած էր ծնողաց յանձնախումբի կողմէ բծախնդրօրէն պատրաստուած ձեռային աշխատանքէ գունագեղ ծաղկեփունջեր։
Բարի գալուստի խօսքով հանդես եկաւ վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկին Կալինա Նաճարեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց թէ «Մայիս ամիսը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կը յիշուի որպէս յաղթանակի ամիս: Յաղթանակներ, որոնք ձեռք բերուած են հայրենասիրութեան, անձնազոհութեան, ապագայի նկատմամբ լաւատեսութեան եւ հաւատքի զգացումներով տոգորուած սերունդներու պայքարով եւ շատ անգամ ալ շատերու կեանքի գնով, իսկ համաշխարհային իմաստով ան յատկանշական է մայրերու տօնին առթիւ: Հետեւաբար, Մայիս ամիսը նուիրուած է նաեւ հայ մայրերուն: Մօր սէրն ու գուրգուրանքը` անսպառ են, նուիրումն ու զոհողութեան ոգին՝ անսահման, իսկ համբերութիւնն ու ներումը` անհուն: Յարգե՛նք մեր մայրերն ու մեծ մայրերը, որովհետեւ անոնք են պատճառը մեր գոյութեան, նախապատճառը մեր զօրութեան, միջնաբերդը մեր ինքնութեան, ներշնչումի աղբիւրը մեր պայքարին:
Հայ կինը՝ հայ մայրն է որ հայը յաւերժ պահած է, նոր սերունդին փոխանցելով ազգային ինքնութիւն: Հետեւաբար, այսօր, մայրերու օրուան առթիւ, եկէք բոլորս ամրապնդենք մեր ուխտը եւ կրկին անգամ, հաստատուն քայլերով շարունակենք մղել մեր զաւակները ազգասիրութեան ու ազգային գիտակցութեան:»
Ապա, ան շնորհաւորեց Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի մեծ ընտանիքին բոլոր մայրերը, մաղթելով անոնց քաջառողջութիւն, բարեկեցութիւն եւ յաջողութիւն ի շահ հայ ազգի պահպանման ու գոյատեւման:
Ան նաեւ շնորհակալութեան եւ երախտիքի խօսք ուղղեց վարժարանիս ծնողաց յանձնախումբի ժրաջան տիկիններուն, որոնք իրենց գործով եւ ծառայութեամբ, նիւթաբարոյական օժանդակութիւն կ’ապահովեն վարժարանիս:
Գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը պատրաստուած էր աշակերտութեան կողմէ․ աոաջին կարգին բեմ բարձրացան մանկապարտէզի աշակերտները հրամցնելու համար հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով երգեր՝ նուիրուած օրուան խորհուրդին, զուարճացնելով բոլոր ներկաները:
Ապա, նախակրթարան բաժնի աշակերտները յաջորդական ինքնավստահ ելոյթներով հրամցուցին արտասանութիւններ, երգեր ու պարեր:
Աշակերտական յայտագրի աւարտին, միջնակարգի աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին նուագով, արտասանութեամբ եւ զուարճախառն թատրոնով, որոնց կատարողութիւնը գնահատուեցաւ ծափողջոյններով:
Ձեռնարկի ընթացքին ներկաները բախտաւորուեցան բազմաթիւ նուէրներով, որոնք տրամադրուած էին վարժարանիս բարեկամ անհատներու եւ հաստատութիւններու կողմէ: Խանդավառ մթնոլորտի մէջ կատարուեցաւ նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները գոհունակ հեռացան սրահէն յաջողութիւն մաղթելով ծնողաց յանձնախումբի ժրաջան տիկիններուն եւ տնօրէնութեան:
Վարձքը կատար վարժարանիս հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան եւ ծնողաց յանձնախումբի ազնուափայլ տիկիններուն, որոնք մեծ զոհողութեամբ կ՚աշխատին վարժարանիս վերելքին համար:
Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի
Լրատուական գրասենեակ