«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վան տեր Պելենի ներկայութեամբ Մայիս 22-ին կայացած Է երկրի անցումային կառավարութեան երդմնակալութիւնը՝ վարչապետ (կանցլեր) Սեբաստիան Քուրցի գլխաւորութեամբ, որ երկիրը պիտի ղեկավարԷ մինչեւ վաղաժամկէտ խորհրդարանական ընտրութիւններ, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»:
Մայիս 21-ին Վան Տեր Պելեն ընդունած Է Աւստրիոյ ազատութեան կուսակցութենէն (ԱԱԿ) բոլոր նախարարներու հրաժարականը, բացառութեամբ արտաքին գործերու նախարար Քարին Քնայսլի: Աւստրիոյ վարչապետ Սեբաստիան Քուրց յայտարարած Է, որ երկրի նախագահը իրեն յանձնարարած Է նախարարական պաշտօններուն նշանակել փորձագէտներ:
Նախագահը պաշտօնապէս պաշտօններէն ազատած Է ԱԱԿ-էն նախարարներ, իսկ յետոյ նոր քաղաքական գործիչներ նշանակած կառավարական պաշտօններու:






